image

Երկրաշարժ` Ատրպէյճանի մէջ. ցնցումները Հայաստանի տարածքին եւս զգացուած են

Երկրաշարժ` Ատրպէյճանի մէջ. ցնցումները Հայաստանի տարածքին եւս զգացուած են

Նոյեմբեր 23-ին, տեղական ժամանակով ժամը 12:10-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 08։10-ին)  ՀՀ ՆԳՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժական ցանցին կողմէ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ (հիւսիսային լայնութեան 39․79⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 46.63⁰ աշխարհագրական չափագրումներով) գրանցուած է օճախի 10 քմ խորութեամբ 4․3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կերդրոնը գտնուած է ՀՀ Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքէն 42 քմ հիւսիս-արեւելք:

Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5-6 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի Գորիս, Սիսիան, Մեղրի, Կապան, Քաջարան, Ագարակ  քաղաքներուն մէջ՝ 3-4 աստիճան ուժգնութեամբ։