image

Երեւանի մէջ. Գրիգորեան- Քլաար քննարկում

Երեւանի մէջ. Գրիգորեան- Քլաար քննարկում

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Յայտնած են փոխվարչապետի գրասենեակէն:

Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մօտ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրեա Վիքթորին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը: Կողմերը կարեւորած են հարցի շուտափոյթ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը՝ ներառեալ տարածաշրջանի մէջ երկարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման տեսանկիւնէն: