image

Հայաստան–Կիպրոս ռազմավարական համագործակցութիւնը նոր քննարկումներու կիզակէտին

Հայաստան–Կիպրոս ռազմավարական համագործակցութիւնը նոր քննարկումներու կիզակէտին

Հայաստանն ու Կիպրոսը կը շարունակեն խորացնել իրենց երկկողմ գործընկերութիւնը՝ յատկապէս պաշտպանութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ։ Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի դեսպան Իննա Թորգոմեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմասի հետ, ուր քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը, ինչպէս նաեւ Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

27 Յուլիսին Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Իննա Թորգոմեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմասի հետ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստան–Կիպրոս երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը եւ անոնց հետագայ ամրապնդման հեռանկարները։

Զրուցակիցները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն շուրջ՝ վերահաստատելով շարունակական երկխօսութեան եւ սերտ գործակցութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը։