Յունուար 22-ին, ժամը 07:13-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհ բռնկած է Երեւան քաղաքի Արշակունեաց պողոտայի վրայ գտնուող կրպակներէն մէկուն մէջ։
Դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն երկու մարտական հաշուարկ։
Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Արշակունեաց պողոտայի թիւ 52 շէնքին կից կրպակներուն մէջ։
Հրշէջ-փրկարարները շէնքի նկուղէն տարհանած են 2 քաղաքացի, վերջիններս բուժօգնութեան կարիք չեն ունեցած։
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 07:34-ին, մարած՝ 07:57-ին: Այրած է երկու կրպակ (մօտ 10 քմ), ջերմահարուեր են կրպակներուն կից գեղեցկութեան սրահի կախովի առաստաղը (մօտ 10 քմ) եւ մօտակայքը կայանած «Nissan» մակնիշի մեքենան: