image

Երեւանէն Կապան ժամանած օդանաւի վայրէջքի ժամանակ կրակոցի ձայներ լսուած են. Аravot.am

Երեւանէն Կապան ժամանած օդանաւի վայրէջքի ժամանակ կրակոցի ձայներ լսուած են. Аravot.am

Մինչ 19 օգոստոսի առաւօտեան Երեւանէն ժամանող օդանաւը վայրէջք կը կատարէր «Սիւնիք» օդակայան՝ ըստ ականատեսներու, կրակահերթի ձայներ լսուած են, գրած է aravot.am։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ օդակայանի անվտանգութեան աշխատակիցները շէնքէն տարհանած են դիմաւորողները։ Օդանաւը բարեյաջող վայրէջք կատարած է. օդանաւին մէջ եղած են վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, փոխնախարարներ, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան ղեկավարութեան անդամներ։

Այս առումով Ազգային Անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ տեղեկութիւններ չունին «Սիւնիք» օդակայանի մօտ եղած  կրակոցներուն մասին:

«ԱԱԾ-ն կրակոցների մասին տեղեկութիւն չունի»,– յայտնած են մամուլի կեդրոնէն։

Նշենք, որ 19 օգոստոսի առաւօտեան ՀՀ անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Երեւան–Կապան ներկայացուցչական թռիչքով ժամանած են Սիւնիք։