image

Երեւան-Կապան օդանաւը օդ բարձրացած է, բայց չէ շարունակած թռիչքը

Երեւան-Կապան օդանաւը օդ բարձրացած է, բայց չէ  շարունակած թռիչքը

28 օգոստոսին, ժամը 08։00-ին, նախատեսուած Երեւան-Կապան չուերթը չէ կայացած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՆովԷյր» օդանաւային ընկերութիւնը։

Ըստ ընկերութեան՝ թռիչքը յետաձգուած է եղանակային պայմաններու պատճառով։

«Ինքնաթիռը ժամանակին օդ է բարձրացել, բայց Կապանում եղանակային պայմանների պատճառով, մասնաւորապէս՝ տեսանելիութիւն չլինելու հետեւանքով վերադարձել է՝ «Զուարթնոց» »,- մանրամասնած են կերութենէն։

Ի դէպ, շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն՝ օդանաւի վայրէջք չկատարելու պատճառը եղանակային պայմանները չեն եղած։

Համաձայն շրջանառուող  լուրերու՝  առաւօտեան Կապանի «Սիւնիք» օդակայանի մօտակայքը լսուած են կրակահերթի ձայներ, սակայն պարզ չէ՝ արդեօք կրկին թիրախաւորուած էր օդակայանը, թէ՝ ոչ։

Տեղեկատվութեան իսկութիւնը Tert.am-ը փորձած պարզել Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ), սակայն, այն պատկան կառոյցի կողմէ չէ հաստատուած։

ԱԱԾ-էն հաղորդած են, որ այս պահի դրութեամբ նման տեղեկութիւններ չունին։

Յիշեցնենք, որ 25 օգոստոսի Երեւան–Կապան–Երեւան չուերթը դարձեալ չէր կայացած եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով։