Հորմուզի նեղուցը, ուրկէ կ՚անցնի աշխարհի մէջ սպառուող նաւթի մօտ 20 տոկոսը, դեռ փակ է:
Թրամփի երէկուան յայտարարութիւններու լոյսի ներքոյ նաւթի գինի նուազումէն ետք այսօր այն կրկին բարձրացած է՝ անցնելով 100 տոլարը մէկ պարելի դիմաց: Ասիական ֆոնտային սակարանները բացուած են աճով։
Ճափոնը յայտարարած է, որ նաւթի պահանջարկը բաւարարելու նպատակով հինգշաբթի պիտի սկսի օգտագործել իր ազգային պաշարները: