Կան ծրագիրներ, որ երբ «Խաղաղութեան համաձայնագիր»ը ստորագրուի եւ վաւերացուի՝ մեր կարիքն այլեւս պիտի չելլայ, կարիք պիտի չըլլայ, որ մեր առաքելութիւնը տեղի ունենայ սահմանին: Այս մասին Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցին ըսած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը:
«Այն, ինչ մենք հիմա կ՚ընենք, կը կոչուի անվտանագային իրավիճակի իրազեկուածութեան վերակարգ, բայց մենք պիտի շարունակենք այցելել գիւղեր: Ինչպէս արդէն ըսի, այդ տեղի պիտի ունենայ, երբ «Խաղաղութեան համաձայնագիր»ը վաւերացուի:
Այս պահուն այդ Կառավարութեան ցանկութիւնն է, բայց Պրիւքսելէն, մասնաւորապէս այս պահուն, համաձայնութիւն կայ, որ մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, ինչպէս կատարած ենք 2023 թուականէն, այսինքն՝ վերակարգեր սահմանին, զուգահեռ զեկոյցներ, այցելութիւն սահմանամերձ համայնքներ, այդ շարքին՝ հակամարտութենէն տուժած»,-նշած է ան: