image
Հրատապ լուրեր:

«Երասխ 2» զօրամասը վերադարձուած է պետութեան

«Երասխ 2» զօրամասը վերադարձուած է պետութեան

«Երասխ 2» զօրամասը, որ կը գտնուէր Արարատի մարզի Արմաշ գիւղին մէջ, վերադարձուած է պետութեան եւ պիտի ամրացուի պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին։ Այդ մասին կառավարութեան նիստին յայտարարած է գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը։

Այս զօրամասի օտարման գործով մեղադրեալ էր պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, որուն խորհրդարանը զրկած էր անձեռնխելիութենէն այս գործի շրջածիրէն ներս։ Զօրամասը հողային օրէնսգիրքի համաձայն ենթակայ չէր օտարման, սակայն օտարուած էր քաղաքացի Նորայր Կարապետեանին, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց հետ փոխկապակցուած էր։

Վարդապետեանն ըսած է, որ դատախազութիւնը պետական շահերու պաշտպանութեան գործառոյթի շրջածիրէն ներս հայցադիմում ներկայացուցած է դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ առքուվաճառքի պայմանագիրը։ Հետագային դատախազութեան ու Նորայր Կարապետեանի միջեւ կնքուած է հաշտութեան համաձայնութիւն, Կարապետեանն ընդունած է դատախազութեան պահանջն ու ետ վերադարձուցած զօրամասի տարածքը, որ 0,9 հեքթար է։