Կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝
Հայաստանի մօտակայ ընտրութիւնները այլեւս միայն այն մասին չեն, թէ ով պիտի զբաղեցնէ վարչապետի պաշտօնը յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին։
Անոնք աւելի ու աւելի կը վերածուին հանրաքուէի մը՝ այն մասին, թէ ի՛նչ տեսակ երկիր կ’ուզէ դառնալ Հայաստանը յաջորդ 10, 20 կամ 50 տարիներուն։
Իրական մրցակցութիւնը պարզապէս «Փաշինեան, Կարապետեան թէ Քոչարեան» չէ։ Այն աւելի խոր մրցակցութիւն մըն է՝ հայկական պետականութեան, քաղաքական մշակոյթի եւ ազգային հոգեբանութեան տարբեր տեսլականներու միջեւ։
Պիտի շարունակէ՞ Հայաստանը իր դժուար, անկատար եւ յաճախ ցաւոտ ճանապարհը դէպի աւելի բաց, հաստատութիւններու վրայ հիմնուած եւ ինքնիշխան հանրապետութիւն։ Թէ՞ պիտի աստիճանաբար վերադառնայ հին քաղաքական սովորութիւններու՝ ձեւաւորուած օլիկարխական (սակաւապետական) հովանաւորութեամբ, վախով, կախուածութեամբ, անձնակեդրոն պաշտամունքով եւ կեդրոնացուած հետխորհրդային քաղաքական մշակոյթով։
Անհրաժեշտ չէ կուրօրէն պաշտպանել ներկայ իշխանութիւնը՝ ընդունելու համար, որ այսօրուան Հայաստանը արմատապէս տարբեր կը թուի այն Հայաստանէն, զոր մեզմէ շատեր կը յիշեն 1998-2018 ժամանակաշրջանէն։
Այդ տարիները խոր հետքեր ձգեցին հայկական հասարակութեան վրայ։
Մեզմէ շատեր կը յիշեն մռայլ եւ հոգեբանօրէն սպառած Հայաստան մը։ Երկիր մը, ուր յուսահատութիւնը մնայուն կը թուէր։ Ուր արտագաղթը բացառութիւն չէր, այլ ազգային բնազդ։ Ուր բազմաթիւ տաղանդաւոր երիտասարդներու հեռանալը կը դիտէին որպէս իրենց առջեւ գտնուող միակ իրապաշտ ապագան։ Ուր ամբողջ ընտանիքներ կ’արտագաղթէին արժանապատուութիւն, հնարաւորութիւն եւ հիմնական կայունութիւն որոնելու համար։
Բազմաթիւ ծնողներ ալ լուռ կերպով կը վախնային իրենց որդիները մեծցնել միջավայրի մը մէջ, որ աւելի ու աւելի կը թուէր մշտապէս ռազմականացուած եւ անորոշ։
Մթնոլորտը ինքնին ծանր կը թուէր։ Քաղաքական իշխանութիւնը յաճախ անառիկ կը թուէր։ Հարստութիւնը կուտակուած էր նեղ շրջանակներու ձեռքին։ Կապերը աւելի կարեւոր էին, քան արժանիքը։ Քաղաքացիները յաճախ իրենք զիրենք անզօր կը զգային պետութեան դիմաց, ոչ թէ պետութեան կողմէ պաշտպանուած։
Այսօր, հակառակ ամբողջ ցաւին, հակասութիւններուն եւ չլուծուած հարցերուն, մարդ բոլորովին տարբեր Երեւանի մը կը հանդիպի։
Կենսունակ, եռուն եւ աւելի ու աւելի «տիեզերական» դարձող մայրաքաղաք մը։ Սրճարաններ՝ լեցուն երիտասարդներով, որոնք կը ստեղծեն, կը վիճաբանին եւ կը կառուցեն։ Զբօսաշրջիկներ՝ աշխարհի տարբեր կողմերէն։ Հայ քաղաքացիներ՝ որոնք կը ճամբորդեն, գործ կը հիմնեն, միջազգային կապեր կը ստեղծեն եւ ապագան կը պատկերացնեն Հայաստանի մէջ, ոչ թէ միայն անկէ դուրս։
Ընկերային ցանցերը, հակառակ իրենց բոլոր խեղաթիւրումներուն, նաեւ հոգեբանօրէն կարեւոր բան մը կը ցոլացնեն․ շատ հայեր աւելի ու աւելի կը մտածեն ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ կեանքի որակի, ճամբորդութեան, ստեղծագործութեան, ձեռնարկատիրութեան եւ ինքնազարգացման մասին։ Այս մէկը ինքնին խոր հասարակական փոփոխութիւն մը կը ներկայացնէ։
Ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստանը կատարեալ դարձած է։ Ո՛չ։
Աղքատութիւն, անհաւասարութիւն, կաշառակերութիւն, բեւեռացում եւ անապահովութիւն տակաւին գոյութիւն ունին։ Պատերազմի վէրքերը խոր են եւ տակաւին թարմ։ Արցախի շուրջ գոյացած ցաւը սերունդներ շարունակ պիտի ձեւաւորէ հայկական հասարակութիւնը։
Բայց ազնուութիւնը նաեւ ուրիշ ընդունում մը կը պահանջէ․ այսօրուան Հայաստանը այլեւս միջազգային ասպարէզին մէջ չի դիտուիր որպէս մեկուսացած ռուսական արբանեակ մը՝ գոյութիւն ունեցող համաշխարհային կարեւորութեան եզրերուն վրայ։
Ան դարձած է քաղաքականօրէն տեսանելի, աշխարհաքաղաքականօրէն քննարկուող եւ միջազգային կերպով ներգրաւուած երկիր մը՝ այնպիսի ձեւով, որ երկու տասնամեակ առաջ դժուար էր պատկերացնել։
Այսօր Հայաստանը աւելի ու աւելի միջազգային քարտէսին վրայ կը ներկայանայ որպէս նախաձեռնութիւն, բանավէճ եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող պետութիւն, ոչ թէ պարզապէս մեծ ուժերու բասիւ երկարացում։
Այս փոփոխութիւնը միայն զգացական կամ անեկդոտային չէ։ Կաշառակերութեան, ընտրական մրցակցութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու եւ ժողովրդավարական կառավարման վերաբերող միջազգային ցուցանիշները Հայաստանը այսօր կը դնեն բոլորովին տարբեր դիրքի մը մէջ՝ նախա-2018 շրջանի մեծ մասին համեմատ։
Մարդ կրնայ խիստ կերպով քննադատել ներկայ իշխանութիւնները — եւ շատեր այդպէս կ’ընեն — բայց անկեղծօրէն կարելի չէ ժխտել, որ այսօրուան Հայաստանի քաղաքական մթնոլորտը շատ աւելի բաց է, քան այն ժամանակները, երբ վախը, քաղաքական ահաբեկումը եւ անառիկ վերնախաւերը կը տիրէին հանրային կեանքին վրայ։
Նոյնը կը վերաբերի երկրի ներսի տեսանելի զարգացումներուն։
Մարդ կրնայ անվերջ վիճիլ վիճակագրութիւններու շուրջ, բայց սովորական քաղաքացիները ֆիզիքապէս կը տեսնեն փոփոխութիւնները իրենց շուրջ․ վերանորոգուած ճամբաներ, ընդարձակուող ենթակառոյցներ, դպրոցաշինութիւն, գիւղական համայնքներու ներդրումներ, սահմանամերձ շրջաններու բնակարանային ծրագիրներ, թոշակներու բարձրացում, առողջապահական արդիականացման ջանքեր եւ պետութեան շատ աւելի գործուն ներկայութիւն այն վայրերուն մէջ, որոնք ժամանակին անտեսուած կամ մոռցուած էին։
Ոչ մէկ լուրջ մարդ պիտի պնդէ, թէ բոլոր խնդիրները լուծուած են։ Այդ խնդիրները տակաւին լուծուած չեն։
Բայց նոյնպէս անկեղծօրէն կարելի չէ պնդել, թէ այսօրուան Հայաստանը կը նմանի 2000-ականներու սկիզբի լճացած եւ հոգեբանօրէն պարտուած Հայաստանին։
Շատ հայեր տակաւին կը վերյիշեն Հոկտեմբեր 27-ի, Մարտ 1-ի եւ քաղաքական ահաբեկման, խորհրդաւոր բռնութիւններու եւ չլուծուած ազգային վէրքերու այն մթնոլորտը, որ տասնամեակներ շարունակ կախուած էր հայկական քաղաքական կեանքին վերեւ։
Մարդիկ նաեւ կը յիշեն, թէ «Բրիվիէտ Ռոպ»ի հանրայայտ դէպքը հոգեբանօրէն ի´նչ խորհրդանիշ դարձաւ պարզ քաղաքացիներուն համար․ տարածուած այն ընկալումը, թէ իշխանութիւնը անառիկ էր եւ քննադատութիւնը՝ վտանգաւոր։
Այսօր կը տեսնենք մարդիկ, որոնք բացայայտօրէն կը հայհոյեն վարչապետին հեռատեսիլով, համացանցով եւ հանրային վայրերու մէջ՝ առանց անհետացման կամ բռնի «հատուցման» վախին։ Անկախ անկէ, թէ մարդ կը պաշտպանէ իշխանութիւնը կամ կը հակառակի անոր, այս մէկը քաղաքական մշակոյթի հսկայական փոփոխութիւն մըն է։
Հայկական քաղաքական կեանքին ամենախոր հակասութիւններէն մէկը, սակայն, տակաւին կը շարունակուի ըլլալ քաղաքական ղեկավարներու շուրջ ստեղծուած անձի պաշտամունքը։
Տասնամեակներ շարունակ հայկական քաղաքականութիւնը պտըտած է ուժեղ մարդոց, «փրկիչներ»ու, օլիկարխներու եւ կէս-մեսիական դէմքերու շուրջ, փոխանակ հաստատութիւններու։
Առաջնորդները կը դիցաբանուին։ Քննադատութիւնը կը պիտակուի «դաւաճանութիւն»։ Քաղաքականութիւնը կը վերածուի զգացական հաւատքի՝ բանական պետական մտածողութեան փոխարէն։
Բայց Հայաստանը նոր «մեսիա»ի մը կարիք չունի։
Ան գործօն հաստատութիւններու կարիքը ունի։ Ներ երկիրը պատասխանատու կառավարութեան, մաքուր քաղաքական գործիչներու, վստահելի դատարաններու, ժողովրդավարական հասունութեան եւ այնպիսի քաղաքական մշակոյթի կարիք ունի, ուր առաջնորդները ժամանակաւոր հանրային ծառայողներ են, ոչ թէ հայրապետական կերպարներ՝ անսխալականութեան ամպերով շրջապատուած։
Նոյնպէս Հայաստանը հովանաւորներու կարիք չունի — ո՛չ տեղական, ո՛չ ալ արտաքին։
Այն ներքին օլիկարխական կնքահայրերու կամ արտաքին աշխարհաքաղաքական տէրերու կարիք չունի։ Այն վստահելի միջազգային գործընկերութիւններու կարիք ունի՝ միաժամանակ պահպանելով ինքնիշխան նախաձեռնողականութիւնը եւ հայկական ազգային շահերու վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը։
Ահա թէ ինչու «Իրական Հայաստան» գաղափարը կը ներգրաւէ բազմաթիւ քաղաքացիներ։
Նպատակը հայոց պատմութիւնը, ինքնութիւնը կամ պատմական յիշողութիւնը ջնջելը չէ։ Հայաստանը ունի հնադարեան քաղաքակրթութիւն, պատմական հողեր եւ հաւաքական վէրքեր, որոնք պարզապէս չեն կրնար անհետանալ։
Բայց պատմական գիտակցութիւնը մշտական պատերազմական հոգեբանութիւն չի պահանջեր։
Ազգ մը կրնայ պահպանել իր յիշողութիւնն ու արժանապատուութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ ձգտելով դառնալ խաղաղ դրացի, վստահելի միջազգային գործընկեր եւ կայուն ժողովրդավարական հանրապետութիւն։
«Իրական Հայաստան»ը պիտի ըլլար Հայաստան մը, ուր քաղաքացիները իրենք-զիրենք ապահով կը զգան միջազգայինօրէն ճանչցուած եւ փոխադարձաբար յարգուած սահմաններու մէջ։ Երկիր մը, ուր մարդիկ ընտանիքներ կը կազմեն, գործ կը ստեղծեն, կը մնան հայրենիքի մէջ եւ ապագայ կը պատկերացնեն՝ յաջորդական գաղթականութեան եւ գոյութենական վախէն անդին։
Հայաստանը պէտք չէ հանդիսանայ իր զաւակներուն լոկ գերեզմանը։
Հայրենասիրութիւնը չի կրնար բաղկանալ միայն զոհաբերութենէ, նահատակութենէ եւ մշտական պատերազմական ճառաբանութենէ։ Յաջող ազգ մը այն ազգն է, ուր ապագայ սերունդները կ’ուզեն մնալ, ստեղծել, բարգաւաճիլ եւ ապրիլ — ոչ թէ միայն հերոսաբար մեռնիլ։
Ահա թէ ինչու Հայաստանի բնակիչներու կարծիքները ի վերջոյ աւելի մեծ կշիռ ունին։
Սփիւռքահայերը լիովին իրաւունք ունին խորապէս մտահոգուելու, Հայաստանին զգացական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ հայրենիքին հետ կապուած մնալու։ Բայց մենք նոյն ձեւով չենք կրեր քաղաքական որոշումներու հետեւանքները, ինչպէս բնակիչները։ Մեր աշխատավարձերը, ճամբաները, դպրոցները, առողջապահական համակարգերը, հարկերը կամ սահմանին կանգնած որդիները չեն վտանգուած ամէն օր։
Յաճախ սփիւռքեան քաղաքական խօսքը կը դառնայ զգացականօրէն ծայրայեղ, որովհետեւ անոր հետեւանքները անձամբ չեն կրուիր այդ խօսքերը արտայայտողներուն կողմէ։
Օլիկարխական հարստութեան հարցը նոյնպէս տակաւին կը մնայ անլոյծ շատ հասարակ հայերու մտքին մէջ։
Եթէ ահռելի հարստութիւնները ամբողջութեամբ արդար եւ թափանցիկ միջոցներով կուտակուած էին, ապա ինչո՞ւ այդքան քաղաքացիներ տասնամեակներ շարունակ տնտեսական դժուարութիւններու մէջ ապրեցան, արտագաղթեցին կամ յուսահատութեան մէջ մնացին։ Ինչո՞ւ լայն բարգաւաճումը այդքան անհասանելի էր, մինչ նեղ շրջանակներ արտակարգ հարստութիւններ կը կուտակէին։
Այս հարցերը ժողովրդահաճոյ հարցեր չեն։
Անոնք քաղաքական պատասխանատուութեան եւ հանրային վստահութեան հարցեր են։
Այս է պատճառը, թէ ինչու ներկայ հարցախոյզերու միտումները քաղաքականօրէն ուշագրաւ են։
Հակառակ պատերազմին, ցաւին, անընդհատ ընդդիմադիր արշաւներուն, աշխարհաքաղաքական ճնշումներուն եւ հասարակական ահռելի յուսախաբութեան, Հայաստանի ընտրազանգուածին մեծ մասը տակաւին չի թուիր համոզուած ըլլալ հին քաղաքական համակարգին վերադարձով։
Ասիկա ինքնաբերաբար չի նշանակեր, թէ ներկայ իշխանութիւնը անթերի է։
Բայց ան կարեւոր հարց մը կը բարձրացնէ․ ինչո՞ւ այսքան քաղաքացիներ տակաւին կը վարանին երկիրը կրկին վստահելու այն դէմքերուն, որոնք արդարացիօրէն կամ անարդարացիօրէն կապուած կը նկատուին օլիկարխական համակարգերու, մենաշնորհային տնտեսութեան, քաղաքական ահաբեկչութեան եւ խորապէս արմատացած հետխորհրդային հովանաւորական ցանցերու հետ։
Միեւնոյն ժամանակ ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան տեսանելի աշխարհաքաղաքական ճնշումներու մթնոլորտի մէջ։
Ազդեցութեան արշաւներու, բարդ առցանց քարոզչութեան, արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած քաղաքական բովանդակութեան, ընտրակաշառքի ցանցերու եւ արտաքին ճնշումներու վերաբերող տեղեկութիւնները աւելի եւս սրած են հանրային անհանգստութիւնը։ Բազմաթիւ հայերու մօտ նաեւ աճող մտավախութիւն կայ, թէ Հայաստանի երկարաժամկէտ ինքնիշխանութիւնն իսկ աւելի ու աւելի վտանգուած է։
Որոշ քաղաքացիներու համար խորագոյն վախը պարզապէս ընտրական պարտութիւնը չէ, այլ հայկական ինքնիշխան նախաձեռնողականութեան աստիճանական քայքայումը՝ վերանորոգուած աշխարհաքաղաքական կախուածութիւններու եւ հովանաւորական համակարգերու միջոցով։
Ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստանը պէտք է հակառուսական դառնայ։
Հայաստանը պիտի շարունակէ կարիքը ունենալ իրապաշտ յարաբերութիւններու՝ Ռուսաստանի, Եւրոպայի, տարածաշրջանային ուժերու եւ միջազգային գործընկերներու հետ։
Բայց ինքնիշխանութիւն կը նշանակէ պահպանել հայկական շահերէն բխող որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը՝ ոչ թէ վերածուիլ արտաքին ուժային կեդրոններէն մէկուն կցորդին — ըլլայ ան Արեւելք թէ Արեւմուտք։
Հայաստանի դիմաց գտնուող ամենամեծ ժողովրդավարական փորձութիւններէն մէկը այն է, թէ արդեօք բոլոր քաղաքական ուժերը անկեղծօրէն պիտի յարգե՞ն ժողովուրդի կամքը։
Պիտի ընդունի՞ն բոլոր կողմերը արդիւնքները, եթէ պարտուին։ Ընտրութիւնները վերջապէս պիտի դառնա՞ն բնական ժողովրդավարական փոխանցումներ՝ ոչ թէ գոյութենական ճակատամարտեր։ Հայաստանը կրնա՞յ դառնալ երկիր մը, ուր իշխանութիւնը կորսնցնելը կործանում չի նշանակեր, իսկ իշխանութեան ղեկին գտնուիլը՝ անձեռնմխելիութիւն։
Ահաւասիկ այս են մօտակայ ընտրութիւններուն մեծագոյն գրաւը։
Ի վերջոյ, կը յուսամ, որ ժողովրդավարութիւնը պիտի յաղթէ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կամքը պիտի յարգուի բոլոր կողմերէն՝ անկախ արդիւնքէն։
Վերեւ արտայայտուած կարծիքները զուտ իմ անձնական քաղաքական խորհրդածութիւններն են։ Ոմանք կրնան համաձայնիլ անոնց հետ, ուրիշներ՝ խիստ կերպով անհամաձայն ըլլալ։ Անոնք պարտադիր կերպով չեն ներկայացներ կամ պաշտպաներ որեւէ քաղաքական կուսակցութիւն, դաշինք կամ քաղաքական գործիչ։
Ես Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքացի եմ՝ հայկական ծագումով։ Ես չեմ քուէարկեր Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրութիւններուն, եւ հետեւաբար չեմ հաւակնիր, թէ իրաւունքը ունիմ թելադրելու քաղաքական ընտրութիւններ այն քաղաքացիներուն, որոնք իսկապէս կ’ապրին այնտեղ եւ ամէն օր կը կրեն այդ ընտրութիւններուն հետեւանքները։