Ռուսիան եւ Պելառուսը պատրաստ են գործի դնելու բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ միջուկային զէնքը, Միութենական Պետութեան պաշտպանութեան համար։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին «Իզվեստիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Կալուզին նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան եւ Պելառուսի զինուած ուժերուն ու անվտանգութեան մարմիններուն միջեւ փոխգործակցութեան ձեւերը շարունակաբար կը կատարելագործուին։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը շեշտած է, որ երկիրները պատրաստ են գործի դնելու «բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ միջուկային զէնքը»՝ Միութենական Պետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, պարբերականի տեղեկութիւններով, փոխնախարարը մատնանշած է ՆԱԹՕ-ի զինուած ուժերուն ցուցադրական եւ սադրիչ կուտակումը Միութենական Պետութեան սահմաններուն մերձակայքը։