Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յանձնառու է թոյլ չտալու իր օդային, ցամաքային եւ ջրային տարածքներն օգտագործել Իրանի դէմ որեւէ թշնամական ռազմական գործողութեան համար։ Այս մասին յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Երկխօսութեան ամրապնդումը, լարուածութեան նուազեցումը, միջազգային իրաւունքի պահպանումը եւ պետութիւններու ինքնիշխանութեան յարգումը կը կազմեն ներկայիս ճգնաժամերու լուծման լաւագոյն տարբերակը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կոչ կ՚ընէ տարաձայնութիւնները լուծելու բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։