image

ԵՄ-ն որոշած է կասեցնել Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը

ԵՄ-ն որոշած է կասեցնել Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը

Եւրոմիութեան երկիրներու ղեկավարները որոշում կայացուցած են սառեցնել 30 միլիոն եւրօն, որ նախատեսուած էր ուղարկել Վրաստանին՝ երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար:

Այդ մասին յայտարարած է Վրաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Պաւել Կերչինսքին, աւելցնել՝ ներկայ պահուն Եւրոմիութեան Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը դադրեցուած է։

Կերչինսքի խօսքով՝ Վրաստանի ներկայիս իշխանութիւններու մտադրութիւնները պարզ չեն Եւրոմիութեան առաջնորդներու համար: Դիւանագէտը յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանի ընտրութենէն ետք նոր կառավարութիւնը «կրկին լուրջ աշխատանք կը սկսի Եւրոմիութեան համարկման ուղղութեամբ»։

«Վրաստանի ներկայիս իշխանութիւններու մտադրութիւնները պարզ չեն Եւրոմիութեան առաջնորդներու համար։ «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքն ակնյայտօրէն երկիրը կը հեռացնէ ինը քայլի կատարումէ, իսկ հակաարեւմտեան, հակաեւրոպական հռետորաբանութիւնը նոյնպէս լիովին անհամատեղելի է Եւրոմիութեանն անդամակցելու յայտարարուած նպատակի հետ»,-ըսած է Կերչինսքին։