ԵՄ արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարած է, թէ Արեւմուտքը ունի «շատ տնտեսական գործիքներ, որոնք կրնան վնասել ռուսական տնտեսութեան»: Եւրոմիութիւնը այսօր պաշտօնապէս պիտի հաստատէ Ռուսաստանի դէմ նոր պատժամիջոցները` կապուած Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետ:
«Այս պահուն կ'աւարտին պատժամիջոցներու վերաբերեալ բնագիրները, այսօր երեկոյեան Եւրոպական խորհուրդը պիտի հանդիպի` զանոնք քաղաքականապէս ընդունելու համար, իսկ առաւօտեան ԵՄ խորհուրդը` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, պաշտօնապէս պտիի հաստատէ պատժամիջոցները, եւ անոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն», յայտարարած է Պորել: «Կրնանք ըսել, որ սա մեր պատերազմը չէ, բայց մեր անվտանգութիւնն է: Մենք ունինք բազմաթիւ տնտեսական գործիքներ, որոնք կրնան վնասել Ռուսաստանի տնտեսութեան», յաւելած է Պորել: