ԱՄՆ-ի նախագահը հրամանագիր ստորագրած է, որով կը դադրեցուի Ռուսիոյ դէմ «դժոխային պատժամիջոցներու» մասին օրէնքով նախատեսուած շարք մը լայնածաւալ սահմանափակումներու կիրառումը։
Օրէնքը ստորագրուած էր 2026 թուականի Սեպտեմբերի վերջաւորութեան եւ Տանըլտ Թրամփին պարտաւորութիւն կը դնէր մինչեւ Հոկտեմբեր 18 սահմանափակիչ միջոցներ սահմանելու, սակայն անոր կը թոյլատրէր կասեցնել այդ գործընթացը, եթէ այդ մէկը բխի ԱՄՆ-ի ազգային շահերէն։
Այժմ Թրամփ դադրեցուցած է ռուսական ապրանքներուն վրայ 500 առ հարիւր լրացուցիչ մաքսատուրքերու, ինչպէս նաեւ այն երկիրներու ապրանքներուն վրայ 100 առ հարիւր մաքսատուրքերու կիրառումը, որոնք Ռուսիայէն նաւթի եւ կազի գլխաւոր գնորդներու առաջին հնգեակին մէջ են եւ աշխուժօրէն կ՚օգնեն Մոսկուային՝ պատժամիջոցները շրջանցելու։
Հրամանագիրը պիտի գործէ այնքան ատեն, մինչեւ ԱՄՆ-ի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը, խորհրդակցելով ելեւմտական նախարարին եւ առեւտրական ներկայացուցչին հետ, յանգին այն եզրակացութեան, թէ պատժամիջոցները պէտք է վերականգնուին։