Պատժամիջոցները կը գործածուին որպէս անարդար մրցակցութեան միջոց։ Ի վերջոյ, սա լուրջ հետեւանքներու կը յանգեցնէ՝ բոլորին համար, յատկապէս՝ անոնց, որոնք կը կիրառեն այդ պատժամիջոցները։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Ան նշած է, որ Ռուսիա կազի համաշխարհային շուկայի առանցքային մասնակիցներէն մէկն է։
«Կազի պաշարներու ծաւալով առաջին տեղը կը գրաւենք։ Մենք ունինք ամենամեծ պաշարները, իսկ արդիւնահանման ծաւալով երկրորդ տեղը կը գրաւենք», նշած է ան։