image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու ուքրանական ճգնաժամի լուծման ջանքերուն

Եգիպտոսի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու ուքրանական ճգնաժամի լուծման ջանքերուն

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին յայտարարած է, որ Գահիրէն պատրաստ է աջակցելու ուքրանական ճգնաժամի դիւանագիտական ​​ճանապարհով լուծման ջանքերուն։

Այս մասին «Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ նշուած է Եգիպտոսի ղեկավարի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։

Նշուած է, որ Եգիպտոսի նախագահը նման յայտարարութիւն ըրած է Գահիրէի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ։

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռուս-ուքրանական ճգնաժամի զարգացումները եւ ատոր լուծման ուղղուած գործողութիւնները։ Նախագահը յայտնած է Եգիպտոսի աջակցութիւնը ճգնաժամը քաղաքական միջոցներով լուծելու բոլոր ջանքերուն՝ վերահաստատելով Եգիպտոսի պատրաստակամութիւնը՝ տրամադրելու անհրաժեշտ աջակցութիւն այս հարցով»,-ըսուած է նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։