image

«Եղածը գրգռիչ է». Լիբանանեան Ընկերվարական կուսակցութիւնէն դատապարտում

«Եղածը գրգռիչ է». Լիբանանեան  Ընկերվարական  կուսակցութիւնէն դատապարտում

«Լիբանանի մէջ առկայ ներկայի ճգնաժամերը, որոնք կու գան աւելնալու  պատմականօրէն լիբանանցիներու կրած ու անոնց դիմանալու կարողութիւնը գերազանցած դէպքերուն, մեզ կը մղեն յորդորել քաղաքական կողմերը` խուսափելու Լիբանանը մխրճելէ արտաքին տագնապներու մէջ, որոնք Լիբանանի հետ առնչութիւն չունին եւ այս երեւոյթներուն նորագոյնը Քաուաշրայի մէջ յուշակոթողի մը բարձրացումն է, ինչ որ կրնայ զայրոյթը գրգռել  լիբանանցիներու հիմնական մէկ հատուածին` հայերուն, որոնք ենթարկուած են ջարդերու եւ տեղահանութեանց», երէկ յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մամլոյ գրասենեակը: «Թերեւս օգտակար է յիշեցնել բոլորին, թէ տասնամեակներէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տագնապը միայն յաւելեալ դժբախտութիւններու յանգեցաւ, եւ այս տագնապին լաւագոյն լուծման կարելի է յանգիլ` երկխօսութեամբ, բանակցութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը` մաղթելով, որ «երանի կարելի ըլլայ դասեր քաղել  այդ փորձառութիւններէն ու լծուիլ Լիբանանի մեր ներքին տագնապներու լուծման, որոնք այնքա՜ն շատ են»: