image

ՆԱԹՕ-էն դատապարտում ՝ Իրանին

ՆԱԹՕ-էն դատապարտում ՝ Իրանին

ՆԱԹՕ-ն հրապարակած է դաշինքի անդամ երկիրներու համատեղ յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը դատապարտէ «դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն դէմ Իրանի կողմէ բռնի միջոցներու կիրառումը, ներառեալ՝ սպանութիւններ ծրագրելը, հրկիզումները, խափանարարական գործողութիւնները, համացանցային յարձակումներն ու այլ հիպրիտային գործողութիւնները»։

Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի, որ դաշնակիցները համակարծիք են Մեծն Բրիտանիոյ եզրակացութիւններուն, թէ անցեալ ամիս «Ֆերֆորտ» ռազմաօդային խարիսխին մէջ (ուր տեղակայուած են Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու ռազմավարական ռմբակոծիչները) տեղի ունեցած անվտանգութեան խախտման դէպքը, ամենայն հաւանականութեամբ, կազմակերպուած է Իրանի կողմէ։

«Մեր տարածքին մէջ գտնուող անձերուն սպառնալու, զանոնք լռեցնելու, ահաբեկելու, հետապնդելու, վնասելու կամ անոնց որեւէ բան պարտադրելու Իրանի որեւէ փորձ՝ ըլլայ այն անուղղակի կամ ուղղակի, անընդունելի է։ Իրանի կամ որեւէ այլ պետութեան հրահանգով թշնամական գործունէութիւն ծաւալող իւրաքանչիւր ոք պէտք է յստակօրէն գիտնայ, որ մենք պիտի ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն՝ նման փորձերը բացայայտելու, քննելու եւ կանխելու, ինչպէս նաեւ մեղաւորները օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Առանձին յայտարարութեամբ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ ողջունած է դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն միասնական դիրքորոշումը՝ նոյնպէս դատապարտելով «ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու տարածքներուն մէջ բռնութիւններուն եւ սպառնալիքներուն Իրանի առնչութիւնը»։

 

«ՆԱԹՕ-ն հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ապահովելու դաշինքի անդամ երկիրներուն մէկ միլիառ բնակիչներուն անվտանգութիւնը», ընդգծած է Ռիւթէ։