image

Ազգային Ժողովէն ներս՝ ծեծկռտուք. Ընդդիմութեան վարքը սադրանքի մասին կը խօսէր

Ազգային Ժողովէն ներս՝ ծեծկռտուք. Ընդդիմութեան վարքը սադրանքի մասին կը խօսէր

Նշենք, որ Ազգային Ժողովէն ներս իրավիճակը լարուեցաւ,  երբ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան  ընդմիջել փորձեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր»   խմբակցութեան անդամ՝ Տարօն Չախոյեանը, ու ապա «արա» փողոցային դիմելաձեւով հանդէս գալով ուղղուեցաւ, դէպի ամպիոնը, որմէ ետք ալ սկիզբ առաւ ծեծկռտուք։

ՔՊ–ական Տարօն Չախոյեանն այսօր Ազգային Ժողովէն ներս ելոյթի ժամանակ վիրաւորեց ընդդիմադիրները՝ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Մեսրոպ Մանուկեանը անուանելով «տուշոնկա գողացող Մանուէլի օգնական»։ Անկէ ետք Չախոյեանն անցած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանին՝ յայտարարելով, որ ինքը մեղաւոր չէ, որ անոր ամբողջ ընտանիքը քաղաքականութեամբ կը զբաղին։

«Պարո՛ն Կարապետեան, ես մեղաւոր չեմ, որ Ձեր ամբողջ ազգուտակը զբաղւում է քաղաքականութեամբ, այդ թւում՝ հօրեղբայրը, հայրը... Հօրեղբօր որդին շատ ակտիւ քաղաքականութեամբ էր զբաղւում, անգամ նախարարութիւն էր պատրաստւում բացել մեր երկրում, մի նախարարութիւն, որն իր ձեւակերպմամբ՝ պէտք է բաւարարէր բոլոր կանանց, ու մինչեւ էսօր էլ ներողութիւն չի խնդրել կանանցից դրա համար»,- յայտարարած է Չախոյեանը։

Նարեկ Կարապետեան արձագանգած է տեղէն, որմէ ետք Չախոյեանը պոռացած է՝ «Արան ոտից գլուխ դո՛ւ ես», որմէ ետք ընդդիմադիր պատգամաւորներն առաջ եկած եւ սկսած է հրմշտոց եւ ծեծկռտուք։

«Յատուկ ընդմիջում չեմ յայտարարում, որ բոլորը տեսնեն սա։ Նիստը սենց շարունակուելու է, թող բոլորը տեսնեն»,–յայտարարած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։

ԱԺ-ի մէջ կիրքերը չհանդարտեցան, ու բանը հասաւ բռունցքներու եւ ոտքերու, ՔՊ-ական պատգամաւորներէն մէկն ինկաւ, ընդմիջում յայտարարուեցաւ։

ԱԺ անվտանգութեան աշխատակիցները ծեծկռտուքէն ետք դահլիճէն հեռացուցին «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները։

ԱԺ դահլիճին մէջ սկսաած ծեծկռտnւքը տեղափոխուած է միջանցք: