Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ Լիլիթ Ստեփանեանը նշանակուած է Կոտայքի մարզպետ։
Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին Լիլիթ Ստեփանեանն ըսած է, որ մեծ սիրով ու մեծ պատասխանատւութեամբ, պատրաստակամութեամբ կը ստանձնէ այդ պաշտոնը։
Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան Հոկտեմբեր 20-ի նիստին Կոտայքի մարզպետի պաշտօնին առաջադրուած էր Լիլիթ Ստեփանեանի թեկնածութիւնը։
Օրերս Լիլիթ Ստեփանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրառում կատարած էր՝ տեղեկացնելով, որ կը հրաժարի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորի իր մանթատէն։