image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ «Հայրենիքի անկախութեան գաղափարը բոլոր պետութիւններու համար գերագոյն արժէք է»

Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ «Հայրենիքի անկախութեան գաղափարը բոլոր պետութիւններու համար գերագոյն արժէք է»

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ հայրենիքի եւ անկախութեան գաղափարներուն՝ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար։

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց, ապա Հանրապետական մաղթանք կատարեց՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Հայաստանի պետականութեան հիմքերը առաւել եւս ամրապնդուին, խաղաղութիւնը տիրապետէ հայկական հողին վրայ եւ հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց հարազատ հայրենիքին բարգաւաճման գործընթացին բերեն անսակարկ մասնակցութիւն, յանուն վաղուան առողջ սերունդներու ազգային նկարագիրի կերտման եւ դարէ դար անաղարտ պահպանման:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Հաւատացեալ հոծ բազմութեան շարքին ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան: 

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետները հայրենիքի գաղափարը ներառած են եկեղեցական ու հոգեւոր արարողութեանց մէջ, որովհետեւ հայրենիքը սուրբ ու նուիրական արժէք նկատած են, որուն համար մեր ժողովուրդը դարերով պայքար մղած է զինք ստրկացնել ուզող օտար ուժերու եւ բանակներու դէմ: «Հայրենիքի անկախութեան գաղափարը բոլոր երկիրներու եւ պետութիւններու համար գերագոյն արժէք է», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ բացատրեց, որ աշխարհի քարտէսին վրայ հայրենիքը պատմական նոյն արմատները ունեցող ժողովուրդի մը դարերով բնակուած այն վայրն է, ուր ազգի մը հոգեմտաւոր եւ կենցաղային արժէքներն ու սովորութիւնները կիրարկուած են եւ պաշտպանուած, ապա սերունդէ սերունդ փոխանցուած՝ իբրեւ ինքնութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ: 

Իր խօսքին մէջ անդրադարձ մը կատարելով անցնող օրերուն հայ համայնքապետերու Ուաշինկթըն այցելութեան՝ Սրբազան հայրը շարունակեց՝ նշելով, որ առիթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադրման 250-ամեակն էր եւ թէ հայ համայնքապետեր՝ իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան հոգեւոր առաջնորդներ, շնորհաւորեցին համայն քրիստոնեայ աշխարհի ամէնէն ուժեղ պետութեան երկրին նախագահը եւ այս տօնին առիթով յիշեցուցին, որ 250 տարեկան Ամերիկայի աւելի քան վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, քրիստոնէական աւանդներու պահպանման եւ զարգացման գործընթացին մէջ, իրենց նշանակալի ներդրումը ունեցած են եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ունենալ Ամերիկայի զանազան նահանգներու հայաշատ գաղութներ, որոնք իրենց հաւատքով, կենցաղով ու արժեհամակարգով ընդհանրապէս կը նպաստեն Ամերիկայի քրիստոնէական նկարագիրի առաւել պայծառացման կարեւոր գործին: