image
Հրատապ լուրեր:

Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան․ «Արձակեցէ՛ք անոր կապանքները եւ թողէ՛ք որ երթայ»

Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան․ «Արձակեցէ՛ք անոր կապանքները եւ թողէ՛ք որ երթայ»

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչութեան նորընտիր անդամներու պաշտօնի կոչման արարողութեան առիթով, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Փարամըսի Հայ Երիցական Եկեղեցւոյ մէջ փոխանցեց պատգամ մը՝ Քրիստոսի կենսատու կանչին եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին՝ յատկապէս նոր սերունդին հետ յարաբերութեան մէջ։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը․

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքի Հայ Երիցական Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքին՝ փոխանցելով հայերէն պատգամը։ Պաշտամունքը առաջնորդեց Վեր. Ճօ Կարապետեան, իսկ անգլերէն պատգամը փոխանցեց Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան։ Պաշտամունքի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) վարչութեան նորընտիր անդամներու պաշտօնի կոչման արարողութիւնը։

Ղազարոսի յարութեան պատմութեան հիման վրայ, Վեր. Դոկտ. Սելիմեան ընդգծեց Քրիստոսի կենսատու կանչը. մարդիկ գերեզման մը կը տեսնէին, իսկ Յիսուս՝ Ղազարոսը։ Անոնք ամէն ինչ վերջացած կը համարէին, իսկ Յիսուս անունով կանչեց զայն։ Քրիստոս պարզապէս կեանք պարգեւողը չէ. Ան Ի՛նքն է յարութիւնն ու կեանքը։

Ղազարոս գերեզմանէն դուրս եկաւ կենդանի, բայց տակաւին կապուած։ Այս իրողութենէն մեկնելով՝ պատգամաբերը շեշտեց Եկեղեցւոյ սրբազան պատասխանատուութիւնը՝ ծառայելու Քրիստոսի պարգեւած կեանքին։ Յիսուս Ղազարոսը դուրս կանչեց, ապա ներկաները հրաւիրեց մասնակցելու անոր կապանքներու արձակման՝ «Արձակեցէ՛ք ատոր կապանքները եւ թողէ՛ք որ երթայ» (Յովհաննէս 11.44)։

Պատգամը հրաւէր էր բոլոր ներկաներուն՝ այս կոչումը ապրելու նաեւ նոր սերունդին հետ իրենց յարաբերութեան մէջ։ Առաքելութիւնը միայն նոր սերունդը եկեղեցի բերել չէ. Եկեղեցին կոչուած է լսելու, վստահելու եւ տեղ տալու անոր՝ նոր կապանքներ չդնելով անոնց վրայ, զորս Քրիստոս ազատութեան կը կանչէ։