image

Արեւմտահայ գրականութիւնը՝ խորհրդային Հայաստանի գաղափարական «արդարացումով»

  Արեւմտահայ գրականութիւնը՝ խորհրդային Հայաստանի գաղափարական «արդարացումով»

Խորհրդային Հայաստանի առաջին տարիներուն արեւմտահայ գրականութեան հրատարակութիւնը ինքնին քաղաքական եւ գաղափարական հիմնաւորման կարիք ունէր։ Դոկտ. Արա Սանճեան իր գրառման մէջ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս 1930-ականներուն միայն սկսաւ փոխուիլ այդ վերաբերմունքը, եւ ինչպէ՛ս նոյնիսկ արեւմտահայ գրականութեան տպագրութիւնը անհրաժեշտ դարձաւ ներկայացնել իբրեւ «պրոլետարական մշակոյթի» գաղափարական սկզբունքներուն չհակասող քայլ։

Հանրայայտ Պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը՝ 

Խորհրդային Հայաստանի առաջին տասնամեակին՝ մօտաւորապէս մինչեւ 1930 թուականը, պաշտօնական մարմինները եւ անոնց ենթակայութեան տակ գտնուող բոլոր կառոյցները, որոնք` միակուսակցական համակարգի բերումով, շատ լայն էին, կը խորշէին Արեւմտեան Հայաստանի, անոր մօտիկ անցեալի պատմութեան, գրական-մշակութային ժառանգութեան մասին որեւէ բան հրատարակելէ։ Այս համընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, բացառութիւն էին Արաբկիրի, Բութանիոյ, Եւդոկիոյ, Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ եւ Խարբերդի անուններով կառուցուող նոր աւանները։

Այս սահմանափակման պատճառները հաւանաբար մէկէ աւելի են, որոնց մէջ կը կարծեմ թէ կարեւորագոյններէն մէկը իշխող բոլշեւիկեան կամ կոմունիստական (համայնավար) կուսակցութեան արեւմտահայ նախապատմութիւն չունենալն էր։ Հայ իրականութեան մէջ, բոլշեւիզմը բացառապէս ռուսահայ կամ արեւելահայ երեւոյթ էր։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ անոր յաղթանակն ու հաստատած մենատիրութիւնն արդարացնելու համար արեւմտահայ պատմութեան անդրադարձող մեծ պատում (narrative) հիւսելու անխուսափելի անհրաժեշտութիւն չկար։ Կարելի էր բոլշեւիզմի յաղթարշաւի պատմութիւն կառուցել՝ արեւմտահայութիւնն ու իր խնդիրները անգիտանալով։ 

Բայց փաստ էր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի սահմաններուն մէջ տասնեակ, չըսելու համար հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներու գոյութիւնը։ Միաժամանակ, Նոր Տնտեսական Քաղաքականութեան տարիներուն (1921-1927), խորհրդահայ ղեկավարները կը քաջալերէին արտասահմանէն հայ մասնագէտներու եւ մտաւորականներու տեղափոխուիլը Երեւան, եւ՝ երբ հնարաւոր ըլլար, կը ձեռնարկէին կամ թոյլ կու տային ներգաղթի փոքր ալիքներ։ Օրինակ, շուտով գրողներու շրջանակին մէջ, հռչակի տիրացան Վան ծնած Լեռ Կամսարը, Ազատ Վշտունին, Մկրտիչ Խերանեանը, Նաիրի Զարեանը, Վահրամ Ալազանը, Գուրգէն Մահարին, Վաղարշակ Նորենցը, Լիւսի Թարգիւլը, Արեւմտահայաստանի այլ շրջաններէն սերող Վահան Թոթովենցը, Հմայեակ Սիրասը, Սարմենը, Սողոմոն Տարօնցին, Խաչիկ Դաշտենցը, Քրիստափոր Թափալցեանը, Զարզանդ Դարեանը եւ ուրիշներ։ Չեմ անդրադառնար արուեստի, գիտութեան ու կեանքի այլ բնագաւառներու մէջ նոյնչափ հռչակի հասած արեւմտահայ ծագումով այլ անձանց։

Ինչպէս անգլերէնով կ’ըսեն, անկարելի էր երկար ժամանակ սենեակին մէջ գտնուող փիղը անտեսել, ու վիճակը դանդաղ քայլերով սկսաւ փոխուիլ 1930-ականներուն։ Չեմ գիտեր եթէ վանեցի Աղասի Խանջեանի կուսակցական բարձրագոյն պաշտօնին հասնիլը առնչուած էր այս փոփոխութեան հետ։

Արեւմտահայ գրականութեան վերաբերեալ Կարմիր Երեւանի մէջ լոյս տեսած առաջին հատորը, ինչքան գիտեմ, Ալազանի եւ Նորենցի կազմած «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» ժողովածուն է (1930), որուն յաջորդեցին՝ մինչեւ 1935 թուականը, Յակոբ Պարոնեանի, Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի եւ Սիպիլի գործերէն առանձին հատորներ։

Բայց այս «յարութիւնը» հեշտ իրագործելի չէր եւ ակնյայտ էր որոշ շրջանակներու ընդդիմութիւնը։ Իբրեւ ապացոյց, այս կարճ տեղեկատուական գրութիւնը եզրափակեմ «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» ժողովածուի Ալազանի եւ Նորենցի հեղինակած եւ առաջաբանին նախորդող «Կազմողների կողմից» բաժնէն հատուած մը մէջբերելով.

«Անտարակույս մեզանում կլինեն մարդիկ, վորոնք կասկածավոր նախապաշարումներով տարված, կցանկանան արևմտահայ պոեզիայի հրատարակումը դիտել վորպես «նահանջ» պրոլետարական դիրքերից, սակայն մենք այդպիսիներին դարձյալ կհիշեցնեյինք հանճարեղ առաջնորդի վերոհիշյալ մտքերը:» (էջ VIII)

Այս պարբերութենէն քիչ մը վեր՝ իրենց գրութեան սկիզբը, կազմողները «հանճարեղ առաջնորդէն»՝ Լենինէն բերած էին հետեւեալ երկու մտքերը.

«Պրոլետարական կուլտուրան ... պետք ե լինի գիտելիքների այն պաշարի որինաչափ զարգացումը, վոր մարդկությունը մշակել է կապիտալիստական հասարակության, կալվածատիրական յեվ չինովնիկական հասարակության ճնշման ներքո»: «Առանց ճիշտ հասկանալու, վոր միայն մարդկության ամբողջ զարգացմամբ ստեղծված կուլտուրան ճշգրտապես գիտնալով, նրա վերամշակմամբ կարելի յե ստեղծել պրոլետարական կուլտուրան, —առանց այս հասկանալու մենք չենք լուծի այդ խնդիրը»: 

Ուրեմն, արեւմտահայ գրականութիւնը նոյնի՛սկ կարենալ հրատարակելու համար, վերջինս, երեւի՝ ի տարբերութիւն արեւելահայի, պէտք էր իբրեւ այլուրեքութիւն (alibi), որակել այդ օրերու ակնոցով թերի՝ ոչ-պրոլետարական, կապիտալիստական, կալուածատիրական, չինովնիկական մշակութային ժառանգութեան մաս...