Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի բնագիրը հակապետական է, որովհետեւ այդ բնագրով հնարաւոր չէ ունենալ անկախ պետութիւն։ Այդ բնագիրը պետութիւն ունենալու անհնարինութեան մասին է, եւ մենք մեր պատմութենէն պէտք է դասեր քաղենք։ Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Նոր Սահմանադրութիւնը պետութեան յարատեւութեան տեսլականի վրայ է հիմնուած, եւ մենք գնալու ենք այդ ճանապարհով։ Համոզուած եմ, որ ՀՀ ժողովուրդը պաշտպանելու է այդ գաղափարը եւ այդ գաղափարախօսութիւնը։ Ես չեմ տեսնում այլընտրանք, քան խաղաղութիւնը։
Հիմա ես դա ասում եմ ԱԺ-ի երէկուայ քննարկումների համատեքստում։ Խաղաղութիւնը հաստատուած, ինստիտուցիոնալ դարձնելը թիւ 1, թիւ 2, թիւ 3 առաքելութիւնն է, որ ես ՀՀ վարչապետի պաշտօնում պէտք է կատարեմ, եւ հետեւողականօրէն, աննահանջ գնալու եմ այդ ճանապարհով։
Խաղաղութիւնը պէտք է դառնայ անշրջելի եւ ինստիտուցիոնալ»,- յայտարարած է Փաշինեանը։