image

Եղանակը փոքր ինչ պիտի տաքնայ

Եղանակը փոքր ինչ պիտի տաքնայ

Երեւան քաղաքի մէջ՝ յունուար 24-ի ցերեկը, 25-29-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Յունուար 27-ի երեկոյեան հնարաւոր է ձիւն։

Հանրապետութեան տարածքին`յունուար 24-ի ցերեկը, 25-26-ին, 27-ի գիշերը, 28-29-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յունուար 27-ի ցերեկն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի ձիւն, լեռնային շրջաններու մէջ՝ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Քամին`հարաւարեւմտեան` 2-5մ/վ, յունուար 24-ի ցերեկն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 10-13մ/վ, լեռնային առանձին հատուածներու մէջ՝ բուք։ Յունուարի 25-29-ի առաւօտեան ժամերուն Արարատեան եւ Շիրակի դաշտի ցածրադիր հատուածներուն մէջ կը սպասուի մառախուղ։

Օդի ջերմաստիճանը յունուար 24-26-ի ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 2-5 աստիճանով։