Հանրապետութեան տարածքին յուլիս 11-ի ցերեկը, 12-13-ը՝ կէսօրէ ետք առաւելապէս հիւսիսային շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: Յուլիս 14-16-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին`հարաւարեւմտեան` 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 16-19 մ/վ արագութեամբ։ Արմաւիրի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ յուլիս 11-15-ին առաւելապէս երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 14-18մ/վ ։
Օդի ջերմաստիճանը յուլիս 12-ի ցերեկն առանձին լեռնային շրջաններու մէջ պիտի նուազի 2–3 աստիճանով, Լոռիի եւ Տաւուշի մէջ՝ 4–5 աստիճանով, յուլիս 13–14-ը աստիճանաբար նոյնքան պիտի բարձրանայ։ Արարատեան դաշտին մէջ նշուած օրերուն օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի։
Երեւան քաղաքին մէջ յուլիս 12-16-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յուլիս 11-15-ի երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 13-15մ/վ արագութեամբ։