image

Դժբախտ պատահար Երեւանի մէջ. «Քովիտ»ով հիւանդը ինքզինք նետած է հիւանդանոցի սենեակէն

Դժբախտ պատահար Երեւանի  մէջ. «Քովիտ»ով  հիւանդը ինքզինք նետած է հիւանդանոցի սենեակէն

 

Երեւանի մէջ` COVID-19 սպասարկող բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ գիշերը դժբախտ պատահար տեղի ունեցած է: Այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

 

77-ամեայ «Քովիտ»ով հիւանդը հիւանդասենեակի պատուհանէն վար նետուած է: Ան հիւանդանոցին մէջ բուժումը սկսած էր 17 ապրիլէն: Անոր վիճակը գնահատուած է միջին ծանրութեան:

Հիւանդասենեակին մէջ եղած է կնոջ հետ, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ բուժումը կը ստանար նոյն բժշկական կեդրոնին մէջ:

Բուժման ընթացքին որեւէ խնդիր չէ եղած, տղամարդը կատարած է բժիշկներու բոլոր ցուցումները` ստացած է պատշաճ բուժօգնութիւն: Անոր մօտ հոգեկան շեղումներ մասնագէտները չեն արձանագրած:

Ոստիկանութիւնը աշխատանքներ կ'իրականացնէ, դէպքի  հանգամանքները պարզելու համար: