Քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր եւ Երեւան քաղաքի վարչութիւններու ծառայողներուն համատեղ միջոցառումներուն շնորհիւ, Քննչական կոմիտէին հետ համագործակցութեամբ, Մարտ 26-ին, դատարանի որոշման հիման վրայ, խուզարկութիւն կատարուած է Քանաքեռի մէջ բնակող 55-ամեայ տղամարդու բնակութեան վայրին մէջ։
Տան մէջ յայտնաբերուած են կանեփի սերմեր, մեթատոնային լուծոյթի նմանող թափանցիկ հեղուկով երկու անօթ, ապակեայ սրուակներ՝ ընդհանուր 150 միլիկրամ մարիխուանայի իւղին նմանող զանգուածով, ինչպէս նաեւ մարիխուանայի նմանող զանգուածով 10 փաթեթ՝ ընդհանուր 132 կրամ քաշով։
Տան ետնամասը գտնուող ջերմոցին մէջ՝ կահաւորուած բոյսերու աճեցման համար նախատեսուած օդափոխութեան եւ լուսաւորութեան համակարգերով, եղած է կանեփի 13 բոյս։
Նոյն շինութեան մէջ յայտնաբերուած են նաեւ կանեփի եւս 4 բոյս, 10 փաթեթ՝ լեցուած աւելի քան մէկ քիլոկրամ մարիխուանայի նմանող զանգուածով, շագանակագոյն «Շոկօ» տեսակի թմրամիջոցի նմանող զանգուածներով երկու տարա՝ ընդհանուր 81 գրամ քաշով, ինչպէս նաեւ 11 գրամ քոքայինի նմանող փոշեանման զանգուած։
Կազմուած փաստաթուղթերը փոխանցուած են Քանաքեռ-Զէյթունի քննչական բաժին։
Հանգամանքները կը պարզուին։