Իրանէն Հայաստան ժամանած «Պուշեր» աթոմային ելեկտրակայանի տարհանուած աշխատակիցներու խումբի կազմին մէջ գտնուող 175 ռուս երկուշաբթի օր Երեւանէն մեկնած են Մոսկուա, յայտնած է ռուսական դեսպանատան մամուլի ծառայութիւնը։
«Ապրիլի 6-ին Ռուսիոյ եւս 175 քաղաքացիներ, որոնք Իրանէն Հայաստան ժամանած էին «Նուրտուզ»/«Ագարակ» սահմանային անցակէտով՝ «Պուշեր» ԱԷԿ-ի տարհանուած աշխատակիցներու հերթական խումբի կազմին մէջ, յատուկ թռիչքով Երեւանէն մեկնած են Մոսկուա»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ ռուս դիւանագէտներու եւ հայկական կողմի ներկայացուցիչներու համակարգուած գործողութիւններու շնորհիւ՝ Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան յարձակման սկիզբէն ի վեր, Հայաստանի տարածքով հայրենիք վերադարձած է Ռուսիոյ 509 քաղաքացի։
«Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն բարեացակամ վերաբերմունքի եւ «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան աշխատակիցներու մուտքի արագ ձեւակերպման համար»,- նշած են դեսպանատունէն։