Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան օրերս օծումը կատարած է Ճէքսոնվիլ շրջանի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցիին։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական կայքէջէն, ուր կատարուած է հետեւեալ գրառումը՝
Շաբաթ, 2 Մարտին, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան օծեց Ֆլորիտայի Ճէքսոնվիլ քաղաքի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայկական նոր եկեղեցին։
«Այս օծումը յատուկ տեղ կը գրաւէ սրտիս մէջ, քանի որ Հոկտեմբերին Եպիսկոպոս ըլլալէս ետք այն առաջին եկեղեցին է, որ կ՚օծեմ »,- ըսաւ ան:Ճէքսոնվիլի հայկական եկեղեցին երկար տարիներ եղած է Արեւելեան Թեմի հովանիին տակ գործող ծխական համայնք: Սեփական եկեղեցի ձեռք բերելն ու օծելը մեծ առաջընթաց է համայնքի հաւատացեալներուն համար:«Ես խորապէս զգացուած եմ Ճէքսոնվիլի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ջերմութեամբ եւ անոնց նուիրումով, որոնց ջանքերով այս երազանքը իրականութիւն դարձաւ», - հայեց Առաջնորդը: «Մեր հարուստ ժառանգութիւնն ու հաւատքը պահպանելու անոնց յանձնառութիւնը իսկապէս ոգեշնչող է: Ես վստահ եմ, որ այս եկեղեցին Աստուծոյ շնորհքին փարոսը պիտի ըլլայ՝ առաջնորդելով Ճէքսոնվիլի մեր ժողովուրդը իր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ եւ ծառայելով որպէս պաշտամունքի եւ համայնքի տուն»:
Պատարագի ընթացքին, Մեսրոպ Սրբազանին օգնականն էր Օրլանտոյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Փառէն Գալստեանը։ Մեսրոպ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին եւ մասնակցեցան այս պատմական տօնակատարութեան՝ ծխական խորհուրդի անդամներուն, կնքահայրերուն, նուիրատուներուն, բարերարներուն, երգչախումբի անդամներուն եւ խորանի սպասաւորներուն, ինչպէս նաեւ Ճէքսոնվիլի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատի:
«Ձեր հաւաքական ոգին եւ Քրիստոսով միասնութիւնը իսկապէս անմոռանալի դարձուց այս օրը», - ըսաւ ան:
Ճէքսոնվիլի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի նոր եկեղեցին այժմ յառաջ պիտի երթայ՝ սկսելով հոգեւոր աճի եւ համայնքային համերաշխութեան նոր շրջան մը: Կը շնորհաւորենք համայնքի հաւատացեալները։ Մեր Առաջնորդին խօսքերով. «Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը ցօղայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ՝ սնուցանելով ձեր հաւատքը եւ առաջնորդելով ձեր քայլերը դէպի Աստուածային լոյսը»: