Նոյեմբերի 26-ին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան «Կազաչի» հատուածին մէջ բռնկած հրդեհը մեկուսացուած է, միւս հատուածներուն մէջ՝ Նավուր բնակավայրի մօտակայքը, Դիլիջանի ոլորաններուն յարակից անտառին մէջ եւ Դիլիջանի «Լեռնային Արմենիա» հիւրանոցի մօտակայքը աշխատանքները կը շարունակուին։
Մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնը առ այն, որ հրդեհը տարածուած է «Լեռնային Հայաստան» առողջարան, չի համապատասխաներ իրականութեան։
Կը յորդորենք հետեւիլ միայն պաշտօնական լրահոսին։
Հրդեհը հիմնական տարածուած է խոտածածկ հատուածին մէջ։ Տարածքին մէջ մեծաքանակ ծառեր չեն այրած․ արձանագրուած են ջերմահարումներ։
Հրդեհի տարածումը դէպի տուներ եւ առողջարան կանխուած է։
Ընդհանուր առմամբ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ներգրաւուած են 669 փրկարարական ծառայող, 215 բնապահապան-պարեկ եւ բնակիչներ։ Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն եւ տարածքի օդային հետախուզութեանն աջակցելու նպատակով օրուան ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարութեան ուղղաթիռով իրականացուած է 22 թռիչք։
Աշխատանքներն աշխուժօրէն կը շարունակուին։
Մամուլի մէջ տեղեկութիւններ կը տարածուին հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մէջ կամաւորներու հաւաքագրման վերաբերեալ: Իրավիճակը լիովին ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան վերահսկողութեան տակ է, իսկ կամաւորական խումբերու օգնութեան անհրաժեշտութեան պարագային կը տրուի համապատասխան յայտարարութիւն:
Կը յորդորենք խստօրէն պահպանել հրդեհային անվտանգութեան կանոնները։ Հրդեհ կամ ծուխ նկատելու պարագային կը խնդրենք անյապաղ զանգահարել 911։