Իսրայէլեան օդուժը Կիրակի երեկոյէն մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ շարք մը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը՝ Նապաթիէի շրջանին եւ յարակից բնակավայրերուն։ Լիբանանեան աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ հարուածներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 11 մարդ, որոնց շարքին՝ երկու նորածին, եւս հինգ մարդ վիրաւորուած է։
Հարուածներու թիրախ դարձած են Նապաթիէ քաղաքը, Նապաթիէ ալ-Ֆաուքան, Արապ Սալիմը, Քֆար Ռումանը, Տէյր ալ-Զահրանին, ինչպէս նաեւ Ճապալ ալ-Ռաֆիի եւ Ալի ալ-Թահերի շրջաններու բարձունքները։ Փրկարարական խումբերը գիշերուան ընթացքին շարունակած են փլատակներուն տակ որոնողական աշխատանքները՝ զոհերն ու տուժածները յայտնաբերելու նպատակով։
Հարուածներէն մէկը վնասած է Նապաթիէ ալ-Ֆաուքայի մէջ գտնուող Ղանտուր հիւանդանոցին մէկ հատուածը։ Վնասուած է նաեւ Ֆինանսներու նախարարութեան շէնքը։ Լիբանանեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ հարուածներու հետեւանքով վնասներ կրած են նաեւ բնակելի շէնքեր եւ ինքնաշարժներու կայանատեղի։
Իսրայէլի զինուած ուժերը յայտարարած են, որ հարուածներու թիրախը եղած են «Հըզպալլա»-ի ենթակառոյցները, զէնքի պահեստները եւ հրամանատարական կեդրոնը, որ, ըստ իսրայէլեան կողմին, տեղակայուած էր նախկին հիւանդանոցի շէնքին մէջ։ Իսրայէլ գործողութիւնը ներկայացուցած է որպէս պատասխան «Հըզպալլա»-ի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլացի զինուորներու ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման՝ զայն որակելով գործող հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու խախտում։
Լիբանանի նախագահ Ճոզէֆ Աուն դատապարտած է իսրայէլեան հարուածները՝ զանոնք անուանելով «վտանգաւոր սրացում»։ Ան մասնաւորապէս քննադատած է պետական կառոյցի եւ հիւանդանոցի թիրախաւորումը։