Դիլիջանի մէջ կեանքի կոչուած են քաղաքային ենթակառուցուածքային երկու նոր նախագիծեր՝ «PPLS Rooms» քոլիվինկը (համատեղ կեցութեան վայր) եւ «Villa3» համայնքային կեդրոնը (Community hub)։
Այս երկու նախաձեռնութիւններն ալ մաս կը կազմեն այն բազմագործառութային համալիրին, զոր «Կրին Ռոք» (Green Rock) ընկերութիւնը փուլային դրութեամբ կ՚իրականացնէ Դիլիջանի մէջ՝ նպաստելով քաղաքի զարգացման եւ արդիականացման։
Նորաբաց այս տարածքները քաղաքին մէջ կը ստեղծեն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ՝ տարբեր ձեւաչափերու այցելութիւններու եւ բնակութեան համար՝ սկսեալ կարճաժամկետ կեցութիւններէ ու ուսումնական շրջաններէ, մինչեւ երկարաժամկետ բնակութիւն, հեռավար աշխատանք ու նոր գաղափարներու իրագործում։
«PPLS Rooms»-ը կը գտնուի Մեասնիկեան 142/3 հասցէին վրայ՝ քաղաքի կեդրոնէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ։
Նախագիծը ստեղծուած է Դիլիջանի մէջ ժամանակակից ու մատչելի բնակարաններու հանդէպ օրեցօր աճող պահանջարկին ընդառաջելու նպատակով։
Համատեղ կեցութեան վայրն ունի 60 սենեակ եւ միաժամանակ կրնայ հիւրընկալել մինչեւ 120 հոգի, եւ հոն համադրուած են կեցութեան տարբեր ձեւեր։ Ստորին յարկերուն վրայ կը գործէ համատեղ կեցութեան դրութիւնը՝ ընդհանուր խոհանոցներով ու հանրային գօտիներով, իսկ վերին յարկերը կ՚առաջարկեն աւելի առանձնացած բնակութեան ընտրանքներ։ Այս ծրագիրը նախատեսուած է ուսանողներու, մասնագէտներու, ընկերութիւններու աշխատակիցներու, ազատ աշխատողներու (freelancer), զբօսաշրջիկներու եւ երկարաժամկետ բնակիչներու համար, եւ ակնկալութիւնն այն է, որ տարեկան կտրուածքով «PPLS Rooms»-ը պիտի հիւրընկալէ մինչեւ 8,000 հիւր եւ մշտական բնակիչ։
Յատկանշական է, որ այս կեդրոնը հաստատուած է քաղաքի այնպիսի թաղամասի մը մէջ, որ մինչեւ հիմա համեմատաբար քիչ ներգրաւուած էր զբօսաշրջային եւ գործարար եռուզեռի մէջ, ուստի նախագիծը պիտի նպաստէ այցելուներու նոր հոսքի ձեւաւորման, տեղական ծառայութիւններու պահանջարկի աճին եւ թաղամասի աշխուժացման։
Միւս նախագիծը՝ «Villa3»-ը, համայնքային կեդրոն (hub) մըն է, որուն նպատակն է խթանել նոր կապերու հաստատումը, գաղափարներու փոխանակումն ու համատեղ ծրագիրներու ծնունդը։ Այս տարածքը բաց է թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ՛ քաղաք այցելող մասնագէտներուն, թուային թափառականներուն (nomads), ուսանողներուն ու ձեռներէցներուն համար։ Կեդրոնին մէջ կը գործեն աշխատանքային գօտիներ․ ժողովներու սենեակներ, գրադարան, դասախօսութիւններու եւ ձեռնարկներու յատուկ սրահներ, հանգիստի տարածքներ ու բացօթեայ պատշգամ «Villa3»-ի ներքին ձեւաւորումը մշակուած է միջազգային հեղինակաւոր «IND» ճարտարապետական պիւրոյին հետ համագործակցութեամբ, եւ տարածքի ամենատպաւորիչ տարրերէն է կեդրոնական բուխարին, որ պատրաստուած է վերամշակուած կերպընկալէ՝ եռաչափ տպագրութեան արհեստագիտութեան կիրառմամբ։
Միաժամանակ, «Villa3»-ը արժանացած է միջազգային EDGE վկայագիրին, որ կը հաստատէ շէնքի բնապահպանական արդիւնաւէտութիւնը։
Ըստ գնահատականներուն՝ նախագիծը առիթ կու տայ 35%-ով նուազեցնելու ուժանիւթի (էներգիա), 30%-ով՝ ջուրի սպառումը, ինչպէս նաեւ 39%-ով կրճատելու շինանիւթերու ածխածնային հետքը։ Կեդրոնի գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է «երրորդ վայրի» տեսութեան վրայ՝ իբրեւ տարածք մը, որ կը գտնուի տան եւ աշխատավայրի միջեւ, ուր կը ձեւաւորուին համայնքներ եւ կը ծնին համագործակցութեան նոր ձեւեր։
Անդրադառնալով այս իրագործումներուն՝ «Կրին Ռոք»-ի ռազմավարական զարգացման խորհրդական Վազգէն Գէորգեան նշած է, որ վերջին տարիներուն Դիլիջանը զգալիօրէն փոխուած է եւ այսօր աւելի վստահ քայլերով կը ներկայանայ իբրեւ կեանքի, աշխատանքի ու զբօսաշրջութեան միջազգային հասցէ։ Ան աւելցուցած է, որ իրենց նպատակն է ձեւաւորել այնպիսի միջավայր մը, որ գրաւիչ ըլլայ երիտասարդ ընտանիքներու, մասնագէտներու եւ ուսանողներու համար, եւ «Green Rock»-ի համար ասիկա երկարաժամկետ յանձնառութիւն է քաղաքին հանդէպ։
«Green Rock»-ի գործադիր տնօրէն Քաթերինա Տանեքինա իր հերթին շեշտած է, որ առաջիկայ տարիներուն ընկերութեան ծրագիրները պիտի ստեղծեն մինչեւ 800 աշխատատեղ, ուստի մեծապէս կարեւոր է, որ ասոր զուգահեռ զարգանան նաեւ բնակութեան ու աշխատանքի ժամանակակից ձեւաչափերը, որոնց առաջին քայլերն են «PPLS Rooms»-ն ու «Villa3»-ը։ «IND» բիւրոյի ներքին ձեւաւորման բաժնի պետ Եուլիա Փարֆիոնովա եւս փաստած է, որ իրենց գլխաւոր խնդիրն էր տեղական աւանդական համատեքստը համադրել ժամանակակից տեսողական լեզուին հետ, ինչ որ արտայայտուած է նիւթերու գունապնակին, կաւէ սալիկներու նորովի կիրառման եւ ներքին յատուկ կահաւորման մէջ։
Յայտնենք, որ «Կրին Ռոք»-ը Դիլիջանի մէջ հիմնուած կառուցապատման եւ զարգացման ընկերութիւն մըն է, որ կ՚իրականացնէ տարածքային խոշոր նախագիծեր՝ գործելով ենթակառուցուածքներու, մշակոյթի, կրթութեան եւ տնտեսութեան խաչմերուկին վրայ։ Իսկ «Green Rock Operations»-ը կառավարման մասնագիտացած ընկերութիւն է, որ կը հսկէ հիւրընկալութեան եւ անշարժ գոյքի ոլորտի նախագիծերու գործարկման՝ ապահովելով կառավարման ամբողջական ընթացքը՝ ձեռնարկատիրական մմոտելի մշակումէն մինչեւ ելեւմտական արդիւնաւէտութեան վերահսկում։