Ռուսական կողմը չի բացառեր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը բանակցութիւններու նպատակով Սթամպուլ ժամանած Մոսկուայի եւ Քիեւի պատուիրակութիւններու հանդիպման ժամանակ կրնայ բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման հարցը: Այս մասին յայտնած է բանակցութիւններու ընթացքին ծանօթ ռուսական աղբիւրը:
«Գուցէ` միայն Էրտողանի կողմէ, ուքրանացիներուն այդ չի վերաբերիր, իսկ մեր հետ ան կրնայ փորձել քննարկել այդ», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը: «Անկեղծ ըսած, չեմ կարծեր, որ բաւարար ժամանակը պիտի ըլլայ», յաւելած է ան: