Ցաւով պիտի արձանագրեմ, որ Եկեղեցի-իշխանութիւն համագործակցութիւնը ցանկալի մակարդակի վրայ չէ:
Այս մասին, այսօր՝ ապրիլ 20-ին, լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ նշած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը․
«Եկեղեցին պատրաստ է, Եկեղեցին միշտ էլ իր առաքելութեան մէջ հիմնական կարեւորութիւն է ընծայել հայրենի իշխանութեան զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը եւ համատեղ համագործակցութիւնը:
Այդ ճանապարհով մենք աւելի մեծ յաջողութիւններ կ'արձանագրենք եւ աւելի դիւրին հարցերը կը կարողանանք ազգային մեր կեանքում կարգաւորել: Դժբախտաբար, այդ համագործակցութիւնն իր ցանկալի բարձրութեան վրայ չէ»,-ըսած է ան: