Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խստօրէն արձագանգած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին դատարան կանչուելու որոշման՝ զայն բնորոշելով «անընդունելի եւ դատապարտելի»։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է պետական պատասխանատուներուն՝ եկեղեցւոյ եւ Վեհափառին նկատմամբ ցուցաբերելու յարգալից վերաբերմունք եւ բոլոր հարցերը լուծելու փոխադարձ հասկացողութեան, պատշաճութեան ու օրէնքի շրջանակներուն մէջ։
Ստորեւ այդ մասին Նորին Սրբութեան էջին հրապարակուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝
ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲՕՐ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԿԱՆՉՈՒԻԼԸ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆՔ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ Երկու Վեհափառներս մնայուն կապի մէջ ենք իրարու հետ եւ կը խորհրդակցինք մեր Հայրենիքն ու ազգը յուզող խնդիրներու շուրջ։
Մեր խոր ընդվզումը յայտնեցինք Գարեգին Վեհափառին եւ նոյնիսկ առաջարկեցինք դատարան չներկայանալ եւ իր ներկայացուցիչը ուղարկել։
Կոչ կ՚ուղղենք պետական պատասխանատուներուն, ինչպէս յաճախ կատարած ենք, յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու մեր եկեղեցւոյ ու Վեհափառին անձին նկատմամբ եւ հարցերը քննելու փոխադարձ հասկացողութեան ու պատշաճութեան սահմաններէն ներս՝ յարգելով պետութեան օրէնքները եւ եկեղեցւոյ ներքին կարգն ու կանոնը։