Օգոստոս 17-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Հնդկաստանի պաշտպանութեան քարտուղար Ռաճեշ Քումար Սինկհը, յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Պաշտպանության նախարար Սուրէն Պապիկեանը բարձր գնահատած է երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ընթացքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան փոխգործակցութեան, այդ շարքին՝ ռազմատեխնիկական գործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Կողմերն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեանն առնչուող հարցերու:
Հնդկաստանի պաշտպանութեան քարտուղար Ռաճեշ Քումար Սինկհը Հայաստան ժամանած է օգոստոս 16-ին։
2025-ի վերջաւորութեան Հայաստանն ու Հնդկաստանը ստորագրած են 2026-ի համագործակցութեան ծրագիրը։ Այն կ՚ընդգրկէ շարք մը միջոցառումներ բարձրաստիճան եւ փորձագիտական փոխայցելութիւններու, ռազմական կրթութեան, ռազմատեխնիկական, մարտական պատրաստութեան եւ վարժանքներու, փորձի փոխանակման եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ: