Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ հայրենակցուի Աննա Կոլխոզեանը։
Կորուստին մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Կը նշուի, որ ան ծնած էր Հալէպի մէջ ( 1937 թուականին), ուսանած Հալէպի հռչակաւոր վարժարաններէն համարուող American College-ին մէջ եւ ապա նետուած կեանքի ասպարէզ՝ գործելով Cotton office-էն ներս
Սուրիոյ մէջ ընթացք առած պատերազմէն ասդին իր քոյրերուն հետ միասին Աննա Կոլխոզեան (2012 թուականին) փոխադրուած է Երեւան ու կեանքի մնացեալ օրերը անցուցած է հայրենի երկնակամարին տակ։
Շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող Աննա Կոլխոզեանի վերջին հրաժեշտի արարողութեան մանրամասնները պիտի հաղորդենք յետագային։