image

Բերդիկ գիւղի փողոցներէն մին անուանուած է Շուշիի մարտերուն նահատակուած Վահէ Կարապետեանի անունով

Բերդիկ գիւղի փողոցներէն մին անուանուած է Շուշիի մարտերուն նահատակուած Վահէ Կարապետեանի  անունով

Արարատի մարզի Բերդիկ համայնքի կեդրոնական փողոցը անուանուած է 44–օրեայ պատերազմին նահատակուած Վահէ Կարապետեանի անունով։

Վահէն արմատներով Բերդիկէն էր, անոր մարմինը կը հանգչի գիւղի գերեզմանատունը։

Փողոցը Վահէի անունով կոչուելու՝ համայնքապետի առաջարկը համայնքի աւագանին ընդունած է միաձայն։ Անուանակոչման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 20 մարտին:  Համայնքապետ՝ Իշխան Թարուերդեան նշեց, որ այս կերպով իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն երիտասարդ կեանքը հայրենիքին նուիրաբերած հայորդիին եւ կը յաւերժացնեն անոր յիշատակը։

2020-ի 44–օրեայ պատերազմին Բերդիկ համայնքէն մասնակցած է 52 հոգի, որոնցմէ երկուքը զոհուած են։ Գիւղի մէկ այլ փողոց կը կրէ 38–ամեայ Սարգիս Շամամեանի անունը։

Վահէի մայրիկի՝ տիկին Անահիտի խօսքով՝ փողոցը, ուր կը գտնուի Վահէի հայրական տունը, անոր անունով կոչուելու որոշումը իրենց համար անակնկալ եղած է, իւրայատուկ նուէր՝ Վահէի տարեդարձին. 18 մարտին Վահէն կը դառնար 22 տարեկան։

 «Հպարտ եմ, որ ունեցել եմ նման զաւակ, հպարտ եմ, որ իր մայրն եմ։ Ոչ մի մայր թող չզգայ այն ցաւը, որը ես եմ զգում»,– ըսաւ տիկին Անահիտը։

Վահէ Կարապետեան մասնակցած է Մատաղիսի, ապա Շուշիի մարտերուն, 6 նոյեմբերին Շուշիի մէջ ծանր վիրաւորուած է, վիրահատուած ու տեղափոխուած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր գիտակցութեան չգալով մահացած է 9 նոյեմբերին՝ պատերազմի աւարտէն քանի մը ժամ առաջ։ Վահէ Կարապետեան մասնագիտութեամբ դեղագործ էր, ժամկէտային ծառայութիւնը աւարտելէն յետոյ կ'աշխատակցէր NEWS.am։