Երէկ հողին յանձնուեցաւ Տէր Զօրի մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ զինուոր Անդրանիկ Քահքէճեանի հայրը՝ Զարեհ Քահքէճեան։ Ան յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի մէջ` ՀՅԴ ընկերներու հրաժեշտի երգով։
Զարեհ Քահքէճեան ծնած է Հալէպ, 1959 թուականին։ Հալէպի մէջ արհեստաւոր էր, ընտանիքի նուիրեալ հայ, սիրուած էր հալէպահայ շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ՀՅԴ նուիրեալ անդամ էր։ Որդիին նահատակութենէն ետք ընտանիքով Հայաստան փոխադրուած էր եւ Հայաստանի մէջ ալ կը վայելէր նոյն սէրն ու յարգանքը։ Մտերիմներու վկայութեամբ՝ ան խոր վիշտով կը տառապէր Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին զոհուած որդիին կորստէն ի վեր։
Ընտանիքի անդամներուն փոխանցմամբ՝ վերջին շրջանին Զարեհ Քահքէճեան առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցած է սիրտին հետ կապուած։ Ան տեղափոխուած էր հիւանդանոց եւ ենթարկուած անհրաժեշտ հետազօտութիւններու։ Սակայն սիրտի սթենտաւորման ընթացքին սիրտը չէ դիմացած։
Յիշեցնենք, որ Զարեհ Քահքէճեանի որդին՝ Սուրիական բանակի զինուոր Անդրանիկ Քահքէճեան, նահատակուած է 2014 թուականի մայիսին, Տէր Զօրի մարտերուն ընթացքին։ Որդիին թաղումէն եւ Սուրիոյ պատերազմի աւարտէն ետք Քահքեջեան ընտանիքը Հայաստան տեղափոխուած է՝ չցանկանալով ապրիլ այն միջավայրին մէջ, որ մշտապէս կը յիշեցնէր իրենց անժամանակ կորսուած զաւակը։