Աղտոր
Լատիներէնը` rhus coriaria:
Շատ աւելի ծանօթ է ան սումախ անուանումով, որ յատուկ էր հին եբրայերէնին. այս անունով ալ զայն կը ճանչնան ֆրանսացիները՝ sumac des corroyeurs, անգլիացիները՝ elm-leaved sumach եւ շատ ուրիշ լեզուներ:
Աղտոր կը կոչուի նաեւ ծառը, որուն հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ չորս մեթրի:
Թթուաշ համեմ մըն է, որուն հատիկները աղալով կը ստացուի կարմիր փոշի մը, որ կը ցանեն զանազան ուտելիքներու, ինչպէս՝ սոխի, խորովածի, ձուկի վրայ:
Գինձ
Լատիներէնը՝ coriandrum sativum:
Ֆրանսերէնը՝ coriandre, անգլերէնը՝ coriander:
Մեր արաբ հայրենակիցերը զայն կ’անուանեն كسبرة “քսպարա”. թրքերէնը քիշնիշ կը կոչէ զայն:
Մեղմ համեմ մըն է, որուն համը յստակ կը զա-նազանուի ազատքեղինէն: Իսկ տեսքով շատ յաճախ դժուար զանազանելի են այս երկուքը: Միայն մօտէն դիտելով կարելի է ճանչնալ գինձը:
Բացաստի գինձը օժտուած է մանր, մարգարտանման եւ օգտագործելի հատիկներով, մինչ ազատքեղինը զուրկ է նման յատկութենէ:
Ի դէպ, Աճառեան կը մտածէ, որ գինձ բառը յառաջացած է հայերէնի գինդ-էն, որ «օղ» կը նշանակէ: Համեմին ձեւը թելադրած է, որ ան նմանցուի օղի՝ դ>ձ հնչիւնափոխութեամբ, որ սովորական է հայերէնի մէջ:
* * *
Ուրեմն այս վերջին սերտողութիւնը կատարեցի՝ յուսալով փարատել շփոթ մը, որ երկար տեւած է արեւմտահայ սննդագէտներու մէջ, որոնք սնուպար-ով կը շփոթէին գինձը: Այսպէս ալ գրուած է, օրինակ, Անդրանիկ Կռանեանի եւ Գնել Ճերեճեանի բառարաններուն մէջ: Կարգ մը սննդագէտներ, օրինակ՝ «Ազդակ»-ի կնոջական էջը, օրին յաջողեցան սրբագրել այս սխալը, սակայն այլ աղբիւրներու մէջ յիշեալ շփոթը կը մնայ, օրինակ՝ տիկին Տօնիկեանի՝ հայկական ճաշերու նուրուած աշխատութեան մէջ:
Ծանօթ.- Արաբերէն սնուպար կը կոչեն շոճին եւ անոր պիստակը:
3. Յենուլ եւ յենիլ
Սկսելու համար ըսենք՝ արեւմտահայերէն ոչ մէկ բառարանի մէջ կը գտնենք
յենիլ բայը, որ այնքան սովորական է արդի աշխարհաբարի մէջ: Իսկ բոլորը ունին յենուլ գրաբարեան ձեւը, որ ոչ մէկ կիրարկութիւն ունի աշխարհաբարի մէջ:
Մի՞թէ մեր բառարանագիրները չէին գիտեր այսքանը կամ թէ իրապէս դժուա՞ր էր գիտնալ, թէ յենուլ-ը այլեւս կիրարկելի չէ արդի հայուն կողմէ: Միայն անորոշ դերբայը չէ, այնտեղ կը գտնենք նաեւ գրաբարեան այլ կառոյցներ, ինչպէս՝ յեցակ, յեցակէտ, յեցարան, որոնք կազմուած են յենուլ-ի անցեալ կատաեալի հիմքով՝ յեց-ով եւ որոնք վաղուց ինկած են գործածութենէ՝ իրենց տեղը զիջելով յեն արմատով կազմուած յենակ, յենակէտ , յենարան ձեւերուն:
Վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած են յեն վերջարմատով շատ յաջող ու կենսունակ բառեր եւս, ինչպէս՝
--բարոյայեն՝ բարոյականի յենած, բարոյականի վրայ հիմնուած
--գիտայեն՝ գիտութեան յենած, գիտական հիմնաւորում ունեցող
--կանոնայեն
--մշակութայեն
--պատերազմայեն՝ պատերազմի վրայ յենած, պատերազմով հարց լուծող
Այս եւ նման օրինակներ ցոյց կու տան, թէ որքան խոցելի են մեր բառարան-ները, միւս կողմէ՝ աւելի լաւը ունենալու ոչ մէկ հեռանկար կը պարզուի մեր առջեւ:
Արեւմտահայութիւնը սկսած է ձանձրանալ իր լեզուէն, որուն հոգը կրելու
տրամադրութիւնները հետցհետէ կը չքանան:
4.Միասնաբար սերտենք հետեւեալ նախադասութիւնը, որ կը պատկանի հայերէնը շատ վարժ գրող ազգայինի մը.
--«Անընդունելի նկատուեցաւ հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծար-ծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու» («Ազդակ», 18/6/2025, էջ 3):
Նկատուեցաւ բայը կիրարկուած է եզակի, մինչ ունինք երկու՝ բազմակի ենթակայներ՝ բարձրացում եւ արծարծում, որոնք միասնաբար կ’ընկալուին իբրեւ յոգնակի եւ կը պահանջեն յոգնակի բայ:
Այս երկուքին յոգնակի նկարագիրը յարգուած է ստորադաս նախադասութեան մէջ, ուր յարաբերական դերանունը դրուած է յոգնակի՝ որոնք:
Хрип, grippe եւ... խռիպ
Հայրենի լեզուաբան Պետրոս Պետիրեանէն քաղելով կու տամ հետւեալը.
Ուրեմն կրիփ բառը առաջին անգամ գործածուած է գերմաներէնի մէջ 1872-ին տեղի ունեցած համաճարակ մը անուանելու համար. ան փոխառութիւնը եղած է ռուսերէն хрип բառին, որ կը հնչէ խռիպ եւ ըստ հայ-ռուսերէն բառարանի, կը նշանակէ խռխռոց, խզխզոց , որ հիւանդ թոքը կամ կոկորդը կ’արձակէ:
Արդ, ասկէ անդին թոյլատրելի չէ՞, որ մենք նոյնութիւն մը գտնենք այս երկուքին եւ մեր խռիպ-ին միջեւ, որ արմատն է խռպոտ-ին: Խռպոտ ըստ Աճառ-եանի կը նշանակէ «անհեթեթ, կոշտ ձայն» ունեցող, իսկ այլուր կը գտնենք «անախորժ՝ խժալուր (ձայն)» բացատրութիւնը:
Մրցոյթ 38.
***Հետեւեալէն ի՞նչ աւելորդաբանութիւն կը ջնջէիր.
---Արամ Ա. կաթողիկոս նամակներ ստացաւ Լեւոն Ժդ. պապէն եւ Քիրիլ պատրիարքէն («Ազդակ», 25/72025, էջ 1):
***Հետեւեալին մէջ բառ մը պէտք է փոխարինուի:
---Ծխախոտի օգտագործումը գործածութիւնը տարեկան աւելի քան 8 միլիոն վաղաժամ մահուան պատճառ կը դառնայ:
***Ո՞ր բառը կը տեղափոխես:
---Անշուշտ որ այս բոլորը ժամանակի ընթացքին եւս կ’ունենան տարբեր հետեւանքներ եւս:
***Վերացո՛ւր հեեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Թրամփ կրնայ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին Փութինի հետ ունենալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ, որ սակայն հեռաձայնային հաղորդակցու-թիւնը տակաւին չէ ծրագրուած:
***Կրնա՞ս գտնել ու սրբագրել հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Այս ուսումնասիրութիւնը ուղղուած է ոչ միայն անոր կեանքի մանրամասները բացայայտելու, այլեւ անոր հոգեւոր գործունէութիւնը աւելի խո-
րաթափանց ըլլալու դարձնելու:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Գեղամ Խաչատրեան (4), Համբարձում Յարթունեան (8), Միրնա Սիւլիւքճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6),
Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Լեւոն Շառոյեան (6):
Մրցոյթ 39.
***Հետեւեալը կը կրէ երկու սխալ. փորձէ գտնել ու սրբագրել զանոնք.
---Հէօլլիւկի բնակիչներուն մեծ մասը արհեստով եղած են փռապան, մսագործ, նպարավաճառ, ոսկերիչ եւ այլ խանութներու տէրեր (Շաքէ Մանկասարեան):
***Հետեւեալին մէջ մէկ բառ մը փոխարինուելու կարիք ունի.
---Վարչապետը արդէն իսկ յայտարարել էր, որ Դոնալդ Թրամփն արժա-նի է, որպէսզի Խաղաղութեան Նոբելեան մրցանակ ստանայ («Հայկական ժա-մանակ»):
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.
---Այցելութիւնը իր ձեւով ու պարունակութեամբ նախկին այցելութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ («Ազդակ», 18/8/2025, էջ 2):
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւններըը.
---Անհրաժեշտ է, ինչպէս Իսրայէլի կողմէ, նաեւ Դամասկոսէն պատասխան ստանալ («Ազդակ», 25/8/2025, էջ 2):
***Հետեւեալ չորսէն ո՞րն է ամէնէն հեզասահն ու բարեհունչը:
---Երբեք պիտի չիրականանայ այդ:
---Պիտի երբեք չիրականանայ այդ:
---Այդ երբեք պիտի չիրականանայ:
---Այդ պիտի չիրականանայ երբեք:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com