image

«ԱՄՆ պիտի մնայ ժողովրդավարութեան կողքին». Զելենսքի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի չորրորդ տարուան առթիւ

«ԱՄՆ պիտի մնայ ժողովրդավարութեան կողքին». Զելենսքի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի չորրորդ տարուան առթիւ

Ուքրանիա ռուսական լայնածաւալ ներխուժման չորրորդ տարելիցի նախօրէին Քիեւի նախագահական պալատին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Զելենսքի ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները չափազանց մեծ է եւ չափազանց կարեւոր՝ հակամարտութենէն երես թեքելու համար։ Ան յոյս յայտնած է, որ երեքշաբթի օր իր ուղերձի ժամանակ Թրամփ պիտի աջակցի Ուքրանիոյ, որ կը պայքարի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ դէմ, կը հաղորդէ CNN-ը։

«Անոնք պէտք է մնան ժողովրդավարական երկրի կողքին, որ կը պայքարի մէկ անձի դէմ։ Որովհետեւ այդ անձը պատերազմ է։ Փութինը պատերազմ է։ Ամէն ինչ անոր մասին է։ Ամէն ինչ մէկ մարդու մասին է։ Իսկ երկիրը՝ անոր ամբողջ երկիրը, բանտի մէջ է», CNN-ին ըսած է Զելենսքին։

Այն հարցին, թէ արդեօք կը հաւատայ, որ Թրամփ բաւարար ճնշում կը գործադրէ Փութինի վրայ, Զելենսքի պատասխանած է՝ «Ոչ»։

Ծաւալուն եւ երբեմն յուզական հարցազրոյցի ընթացքին Զելենսքի խոստովանած է, որ ուքրանացիները հիւծուած են հակամարտութենէն։ Սակայն, ըստ անոր, Փութինի պահանջներուն տեղի տալը տարբերակ չէ։

«Մենք չենք կրնար պարզապէս տալ անոր այն ամէնը, ինչ կը ցանկայ։ Որովհետեւ ան կը կ՚ուզէ մեզ բռնագրաւել։ Եթէ մենք անոր տանք ամէն ուզածը, պիտի կորսնցնենք ամէն ինչ․ մենք բոլորս՝ մարդիկ, կամ պիտի ստիպուինք փախչիլ, կամ ռուա դառնալ», ըսած է նախագահը։