image

Թրամփ լրատուամիջոցները մեղադրած է Իրանի հետ հնարաւոր պատերազմի մասին կեղծ լուրեր տարածելու համար

Թրամփ լրատուամիջոցները մեղադրած է Իրանի հետ հնարաւոր պատերազմի մասին կեղծ լուրեր տարածելու համար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ լրատուամիջոցները դիտաւորեալ կերպով ճիշդ չեն ներկայացներ Իրանի հետ հնարաւոր պատերազմի մասին տեղեկութիւնները, եւ որ ինք կը նախընտրէր համաձայնագիր կնքել։ Այս մասին ան գրած է Truth Social հարթակին վրայ։

«Իրանի հետ հնարաւոր պատերազմի մասին գրուած ամէն ինչ ճիշդ չէ ներկայացուած, եւ այդ կատարուած է դիտաւորեալ։ Որոշում կայացնողը ես եմ, եւ ես կը նախընտրէի գործարք կնքել, բայց եթէ մենք գործարք չկնքենք, ապա այդ շատ վատ պիտի ըլլայ այդ երկրի եւ, դժբախտաբար, անոր ժողովուրդի համար», գրած է Թրամփ։

Անոր խօսքով՝ լրատուամիջոցներու պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգներու շտապներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ զօրավար Տենիել Քէյնը չաջակցիր Իրանի դէմ արշաւ սկսելուն, նոյնպէս սխալ են։

«Զօրավար Քէյնը, ինչպէս եւ մենք բոլորս, չի փափաքիր պատերազմ տեսնել, բայց եթէ որոշում կայացուի Իրանին ռազմական մակարդակով դիմակայելու վերաբերեալ, ապա ան կը կարծէ, որ դիւրին պիտի ըլլայ յաղթել», շեշտած է նախագահը։

Ան աւելցուցած է, որ Քէյնը դէմ չէ արտայայտուած ռազմական գործողութիւններուն, եւ ոչ ալ խօսած է սահմանափակ հարուածներու մասին, եւ եթէ իրեն հրամայեն, պիտի գլխաւորէ գործողութիւնը։