Օրերս Պէյրութի մէջ յիշատակուած ազգային նուիրեալ գործիչ՝ Վազգէն Ժամկոչեանը եւ հանգուցեալի անունով կոչուած է Թէքէեան Վարժարանի «Պատանեկան գրադարան»ը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ համացանցէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2025-ին Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան նախկին անդամ ողբացեալ Տոքթ.Վազգէն Ժամկոչեանի։
Ապա, տեղի ունեցաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի առաջին յարկի գրադարանի անուանումը «Պատանեկան Գրադարան»-ի ի յիշատակ վարժարանիս նախկին Հոգաբարձութեան ժրաջան անդամ Տոքթ. Վազգէն ժամկոչեանի։
Գրադարանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ՝ ողբացեալի կողակից Տիկ. Կարինէ Ժամկոչեանի, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ պատուարժան անդամներու, Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեանի եւ պատուարժան անդամներուն, Տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի եւ Վարժարանիս ուսուցչակազմին եւ պաշտօնէութեան։
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի սրտառուչ խօսքէն ետք գրադարանին կապոյտ ժապաւէնը հատեցին ողբացեալի այրին Տիկ. Կարինէն եւ թոռնիկ՝ փոքրիկն Վազգէն Ժամկոչեան։




