Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը՝ վերջ դնելու Ուքրանիա ռուսական ներխուժման, կը ձախողին․ խաղաղութեան բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են, իսկ չորս տարուան պատերազմէն ետք մարտական գործողութիւնները հիմնական կը գտնուին «սթաթուս-քո» վիճակի մէջ, կը հաղորդէ Bloomberg-ը։
Դաշնակիցները կը նշեն, որ Միացեալ Նահանգները կը ձգտի համաձայնութեան հասնիլ նախքան յուլիս 4-ը, երբ Թրամփ պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի անկախութեան 250-ամեակի տօնակատարութիւնները։ Սակայն, ըստ եւրոպացի եւ ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ոչ մէկ նշան կայ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատրաստ է կնքելու այնպիսի համաձայնագիր, որ չի բաւարարեր իր հիմնական պահանջները։
Աղբիւրներու համաձայն՝ բանակցութիւնները արդէն խախտած են քանի մը վերջնաժամկէտներ, եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու որոշ պաշտօնեաներ առանձնազրոյցներու ընթացքին խոստովանած են, որ չեն տեսներ որեւէ նշան, որ Փութինը պատրաստ է նահանջելու իր առաւելապաշտական դիրքորոշումներէն։