Դատարանը մասնակի կերպով բաւարարեց գործարար Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբաններուն միջնորդութիւնը՝ անոր նկատմամբ կիրարկելով խափանման միջոց տնային բանտարկութիւն եւ գրաւ, այս մասին յայտնած է փաստաբաններէն Արամ Վարդեւանեան:
Նշենք, որ գրաւին չափը տակաւին յայտնի չէ:
Լուրը հաստատած ըն նաեւ Գլխաւոր դատախազութենէն: Կը հաղորդուի, որ դատախազութիւնը այս որոշումը պիտի բողոքարկէ:
Իշխանութիւնը յափշտակելու հրապարակային իր կոչին համար մեղադրուող ռուսահայ Կարապետեան բանտարկուած է 18 Յունիս 2025էն ի վեր: 18 Նոյեմբերի որոշումով՝ Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուած էր յաւելեալ երկու ամիսներով:
Նշենք, որ խօսքը Սամուէլ Կարապետեանի՝ NEWS.am-ին տուած հարցազրոյցի մասին է, ուր ան, մասնաւորապէս, յայտարարած էր. «Մի փոքրիկ խմբակ, մոռանալով հայոց պատմութիւնը, հայ եկեղեցու հազարաւոր տարիների պատմութիւնը, յարձակուել է հայ եկեղեցու վրայ, հայ ժողովրդի վրայ։ Քանի որ ես միշտ եղել եմ հայոց եկեղեցու կողքին ու հայ ժողովրդի կողքին, ունենալու եմ անմիջական մասնակցութիւնը։ Եթէ քաղաքական գործիչներին չյաջողուի, ապա մենք մեր ձեւով ենք մասնակցելու այս ամէն ինչին»։