image

Հալէպ. Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Սելիմեանի մասնակցութիւնը Վարդանանց յուշահանդէսին

Հալէպ. Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Սելիմեանի մասնակցութիւնը Վարդանանց յուշահանդէսին

Օրերս, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած յուշահանդէս։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը  

Հայ ժողովուրդին համար Վարդանանց պատերազմը հանդիսացած է արիութեան ճակատամարտ եւ չափանիշ՝ հայ ազգի զաւակներուն ներշնչումին եւ ազգային գիտակցութեան:

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի եւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Գերապայծառ Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած յուշահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, հոգեւոր հայրեր եւ պատուելիներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցական մարմիններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան նուագ, պատմական ներկայացում եւ երգեր:

Այս առիթով, երեք համայնքապետները իրենց պատգամը ուղղեցին ժողովուրդին:

Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս օրը մեր ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթին մէջ ունի իր ուրոյն դերակատարութիւնն ու նշանակութիւնը, նաեւ ան կը ներկայանայ իբրեւ մտորումներու եւ մեր ազգային, հոգեւոր, մշակութային դիրքորոշումներու թիրախ, այն մեկնակէտը եւ ելակէտը, ուր մտորումներ ձեւ կ'առնեն վելուծելու այսօրուան իրական կացութիւնները, զորս չեն նմանիր անցեալի կացութիւններուն:

Վերապատուելին նշեց, որ 451-ին Վարդան եւ իր ընկերները Աւարայրի ճակատին վրայ մղեցին գոյութենական պատերազմ, որուն մէջ անոնք կրցան տեսնել, թէ հայուն ինքնութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կողմէ մղուած պատերազմը երբեք քաղաքական կամքին չի զիջիր: Ան հաստատեց ըսելով. «Վարդանանց ճակատամարտը զուտ քաղաքական ըմբոստութիւն մը չէր, անիկա ուխտի հաւատարմութեան հարց էր, խղճի ազատութեան խնդիր էր, նաեւ փորձի եւ հաւատարմութեան պատնէշի վրայ կենալու տեղ»:

Ան դիտել տուաւ, որ այսօր փորձութիւնը իր եղանակին մէջ կը տարբերի, երբ կը տեսնենք՝ լեզուի մաշուածութիւն, մեր ազգի միասնութեան նկատմամբ աւելի նուազ հետաքրքրութիւն եւ ուսումնակրթական ծրագիրներուն մէջ հայ ինքնութեան վերաբերեալ երկրորդական սեպած կարեւորութեամբ վեր առնուած նիւթեր:

Ան հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները վերադառնալու Աւարայրին եւ հերոսներու ու սուրբերու կեանքի հիմնաքարին, ուր այն սկզբունքները որոնք ճակատամարտի վրայ դրուեցան՝ յետագայ սերունդներուն մէջ ունեցան իրենց կառուցողական եւ հաստատակամ դրուածքը:

Ան անհրաժեշտ նկատեց միահամուռ, ազգային ինքնութեան լինելութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները ամենաբարձր արժէքներու վրայ պահելով դիմակայել մարտահրաւէրները եւ ընթանալ քաջաբար, որպէսզի պահպանենք այն կոչումը, որուն համար կանչուեցանք:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երգչախումբի «Տէրունական Աղօթք»-ի երգեցողութեամբ եւ երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով: