image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Գէորգ Հալէպլեանին

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Գէորգ Հալէպլեանին

Ամերիկահայ ՌԱԿ-եան գործիչներէն՝ Գէորգ Հալէպլեան (արմատները՝ Պէյրութէն) օրերս անակնկալ անհանգստութիւն մը ունենալով փոխադրուած է հիւանդանոց։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպլեանի հարազատներէն։

Կը նշուի նաեւ, որ  Հալէպլեան անցած է դարմանումի փուլ մը ու դուրս գալով հիւանդանոցէն վերադարձած է իր աշխատանքներուն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գէորգ Հալէպլեան  կը համարուի  ՌԱԿ-ի միջին սերունդի վառ անդամներէն մին, որ  ուսանած  ըլլալով Մայր Հայրենիքի մէջ    բաւական  խորքային  մօտեցումներ ունին  Հայաստանի    քաղաքական ներկայ  իրադրութեան  մասին։

Ան կազմակերպչական աշխատանքներ կատարելէ բացի հանդէս եկած է հրապարակումներով, որոնք լոյս տեսած են մասնաւորապէս ՌԱԿ պաշտօնաթերթ՝ «Պայքար»ին մէջ։

Ամբողջական ապաքինում եւ պայքարելու նոր եռանդ կը մաղթենք «Արեւելք»ի բարեկամ՝ Գէորգ Հալէպլեանին։