Եգիպտոսը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Յորդանանը ստորագրած են փաստաթուղթ մը, որով կոչ կ՚ընեն վերջ դնելու արմատական «Համաս» շարժման կառավարումին Կազայի գօտիին մէջ։ Այս մասին յուլիս 29-ին հաղորդած է dpa գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստաթուղթը։
Փաստաթուղթին տակ, ի թիւս այլ երկիրներու, իրենց ստորագրութիւնները դրած են նաեւ Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գանատան, Պրազիլը, Իտալիան, Սպանիան, Նորվեկիան եւ Իրլանտան։
Եօթ էջերէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ, որով կոչ կ՚ըլլայ գործնական քայլեր ձեռնարկելու Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան լուծման համար, նշուած է, որ «Համաս»ը պէտք է դադրեցնէ իր կառավարումը անկլաւին մէջ եւ միջազգային աջակցութեամբ յանձնէ զէնքը Պաղեստինի Ինքնավարութեան։
Բացի այդ՝ ըստ dpa-ի, փաստաթուղթը դատապարտած է «Համաս»-ի կողմէ 2023-ի Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի դէմ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումները։
Փաստաթուղթը կը պարունակէ նաեւ կոչեր իսրայէլեան կողմին։ Մասնաւորապէս՝ ստորագրողները կը պահանջեն, որ հրեայ պետութիւնը անմիջապէս դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները Կազայի մէջ եւ վերջ տայ հրեայ բնակիչներու գործունէութեան Յորդանան գետի արեւմտեան ափին։
Գործակալութիւնը պարզաբանած է, որ փաստաթուղթը ստորագրուած է Նիւ Եորքի մէջ կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին, որ նուիրուած էր «երկու պետութիւններու» բանաձեւով Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան լուծման։ Ակնկալուած է, որ մինչեւ Սեպտեմբեր ՄԱԿ-ը պիտի ընդունի զայն, եւ մինչ այդ, քանի մը այլ պետութիւններ եւս պիտի միանան նախաձեռնութեան։